Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ

August 15, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Կարսի նահանգային վարչութեան պետը կը յայտնէ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ընդգրկուելու թեկնածուներուն շարքին ներկայացուած են նաեւ Անիի աւերակները, իսկ թրքական իշխանութիւնները ատոր ի նպաստ լուրջ աշխատանք տարած են:

Թրքական իշխանութիւնները, որոնք 1923-էն ի վեր այդ աւերակները անմխիթար վիճակի մէջ ձգած են, վերջերս ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան Անիի Մայր տաճարին մէջ նամազ կատարելու, ինչպէս նաեւ նոյն տաճարին եւ այլ եկեղեցիներու մէջ նորաձեւութեան ցուցադրութիւն կատարելու արտօնութիւնները տուած էին, յանկարծ լուրջ աշխատանք կը տանին այդ պատմամշակութային արժէք ներկայացնող աւերակներուն պահպանման եւ վերականգնման համար: Անհաւատալի, բայց իրաւ:

Հարցը այն է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները անդրադարձած են, որ 23 հազար զբօսաշրջիկներ այցելած են Անի եւ անոր աւերակները այցելողներուն համեմատութիւնը 27 առ հարիւրով աւելցած է, ինչ որ օտար, մասնաւորաբար եւրոպացի եւ ճափոնցի զբօսաշրջիկներուն մօտ Անիի աւերակներուն նկատմամբ հետաքրքրութեան աճի ցուցանիշ է: Բնականաբար անոր զուգահեռ աճ արձանագրած է նաեւ զբօսաշրջութեան մարզի եկամուտը: Ուստի այդ եկամուտն ու Կարսի շրջանին մէջ զբօսաշրջութիւնը խթանելու նպատակով` անոնք դիմած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին եւ Յուշարձաններու համաշխարհային հիմնադրամին ու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հետ համաձայնութիւններ կնքած են:

Այսպիսով, հայ-թրքական յարաբերութեանց առնչակից բոլոր կողմերը շահեր կ՛ապահովեն: Թուրքիան տնտեսական շահ եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բարենպաստ քարոզչութիւն կ՛ապահովէ, իսկ Միացեալ Նահանգներ հաւանաբար զանիկա հայ-թրքական եւ մասնաւորաբար Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բարելաւման ազդակ մը կը նկատէ: Սակայն, թերեւս երկար ժամկէտի վրայ ամէնէն նշանակալից շահը այդ աւերակներուն իրաւատէր հայ ժողովուրդինն է, որովհետեւ հողերուն հայկական պատկանելիութեան պատմական կարեւոր փաստ մը եղող աւերակները, որոնք բնութեան, ժամանակի եւ թրքաբարոյ արարքներու ազդակներուն ենթարկուելով կորուստի դատապարտուած էին, պիտի վերականգնին եւ պահպանուին, այդ ալ` թրքական ջանքերով եւ նիւթական ներդրումով: Շնորհակալութիւն թրքական իշխանութիւններուն` Հայ դատին ի նպաստ իրենց նիւթական ներդրումին եւ աշխատանքներուն համար:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

 

 

Նախորդը

ԹՐՔԱԼԵԶՈՒ «ՖԱՔԹԷՕՐ 301» ԿԱՅՔԷՋԻ ՕԳՈՍՏՈՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ՆԻՒԹԵՐԸ

Յաջորդը

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ «ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՆ ՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ ՀԱՅ ՄԱՅՐՆ Է» ՊԱՏԳԱՄԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

«Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք»…

November 26, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Գոհաբանութեան Տօնը (Thanksgiving)

November 26, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։