Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶԻՆԵԱԼ ՄԻՋԱԴԷՊ` ԷՀՏԵՆԻ ՄԷՋ

August 15, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան ժամը 5:00-ին, 15 զինեալներ կրակեցին հանրապետութեան նախկին նախարար Սլէյման Ֆրենժիէի Էհտենի բնակարանին վրայ: Կրակոցներէն ճիշդ 10 վայրկեան առաջ նոյն բնակարանը ժամանած էր Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի զաւակը` Թոնի Ֆրենժիէ:

Կրակոցներուն պատճառով վիրաւորուեցան բնակարանին հսկող երկու պահակները` Պութրոս Իսքանտար եւ Պախոս Իպրահիմ, ինչպէս նաեւ կրակ բացող երիտասարդներէն Նայիմ Թաննուս Մարուն, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատասխանատուներէն Թաննուս Մարունի զաւակն է:

Լիբանանեան բանակը անմիջապէս շրջափակեց շրջանը եւ անցարգելներ զետեղեց` փնտռելու եւ ձերբակալելու համար կրակ բացող զինեալները:

Միւս կողմէ, բացայայտ կերպով յստակ դարձաւ նաեւ այն, որ կրակ բացող երիտասարդները Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անդամ Եուսեֆ Տուէյհիի համակիրներն են:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կոչ ուղղեց, որ այս զինեալ միջադէպին մանրամասնութիւններուն հսկեն ապահովական կառոյցներն ու դատական իշխանութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ կրակողներուն ինքնութիւնը եւ պատկանելիութիւնը բացայայտուած է:

Ֆրենժիէ նշեց, որ այդ միջադէպը պէտք է իր չափին մէջ պահել` աւելցնելով, որ նման դէպքեր իրենց վատ ազդեցութիւնը պիտի չունենան Էհտենի զբօսաշրջութեան վրայ:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ երեսփոխան Ֆրենժիէի հետ եւ ողջունեց անոր կեցուածքը` զինեալ միջադէպին առնչութեամբ:

Վարչապետը շեշտեց, որ ապահովական կառոյցները հետաքննութիւնը պիտի շարունակեն` բացայայտելու համար այդ միջադէպին դրդապատճառները:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ խստիւ դատապարտեց զինեալ միջադէպը եւ նկատել տուաւ, որ այդ արարքին նպատակները յստակ են եւ այլազան մեկնաբանութիւններու չեն դիմանար:

Մարատայի պատասխանատու Վերա Եամմին ընդգծեց, որ իրենք կը հաւատան օրէնքի պետութեան` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարը յանձնուած է Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն եւ դատական իշխանութեան: Ան շեշտեց, որ զինեալ այս միջադէպը ոչ մէկ ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Էհտենի փառատօներու շարքին եւ աշխուժ զբօսաշրջութեան վրայ:

«Մանար» պատկերասփիւռի կայանը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարատա հոսանքի աղբիւրներէն, յայտնեց, որ կրակ բացող զինեալները կը պատկանէին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան, մինչ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան այդ յարձակումին առնչութեամբ իր պատասխանատուութիւնը չհաստատեց կամ չհերքեց, այլ բաւարարուեցաւ շեշտելով, որ ապահովական եւ դատական իշխանութիւնները միակ կողմերն են, որոնք կրնան լուծել այդ հարցը եւ իրաւունքը վերադարձնել իրաւատէրերուն:

Նախորդը

ՀԲԸՄ ՊՕՂՈՍ Գ. ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2010-2011 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՃԵԼԻ ՊՏՈՅՏԸ

Յաջորդը

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ` ՍՈՒՐԻՈՅ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐՈՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։