
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի մէջ եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպերը:
Զրուցակիցները քննարկեցին ղարաբաղեան տագնապի լուծման շուրջ ընթացող բանակցային հոլովոյթը յառաջ մղելու նպատակով Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը:
Նալբանդեան եւ Զալպեր անդրադարձան Ռիկայի վեհաժողովի հռչակագիրին մէջ ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներու ջանքերուն եւ 2009 թուականէն անոնց յայտարարութիւններուն արտայայտուած աջակցութեան:
Զալպեր նշեց, որ տագնապին խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի, եւ վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափի ծիրին մէջ ընթացող բանակցութիւններուն:


