
Կազմակերպութեամբ «Տեր Սալիպ» հիւանդանոցին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 64 մարզիկներու:
Տիտղոսին տիրացաւ Ժամհուր ակումբին մաս կազմող Ֆատի Քիուան, որ աւարտականին 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ահմետ Մուսթաֆա Հարպին (Պարահեմ Նապաթիէ):
3-րդ դիրքը գրաւեցին Ահմետ Հիւսէյն Հարպ (Լիբանանեան բանակ) եւ Ղալեպ Ֆահըս (Պարահեմ Նապաթիէ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:


