Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ Շնորհաւորեց Սամի Ժեմայէլը

July 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժահժահ եւ Ժեմայէլ
Ժահժահ եւ Ժեմայէլ

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ ուղղուեցաւ Սայֆի, ուր շնորհաւորեց երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը` Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով:

Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ ներկայիս քաղաքական բոլոր ուժերուն համախմբումը անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ այդ իմաստով ներկայիս խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:

Ան զարմանք յայտնեց, որ ոմանք կ՛աղմկեն նախագահական հանրաքուէին մասին` աւելցնելով, որ քաղաքական իւրաքանչիւր ուժի իրաւունքն է նման պահանջ ներկայացնել:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին դրական վարուելակերպ ցուցաբերելու հանրաքուէին իմաստով եւ հաստատեց, որ իրենք կը փորձեն Ազգային ազատ հոսանքին հետ տեսակէտներու փոխանակում կատարել եւ հասարակ յայտարարներու յանգիլ, սակայն նախագահական ընտրութեան առումով ցարդ ոչ մէկ համախոհութիւն կայ իրենց միջեւ:

Իր կարգին, Ժեմայէլ շեշտեց, որ Ժահժահի այցելութիւնը ուրախալի է` աւելցնելով, որ ան կ՛այցելէ իր բնակարանը:

Սամի Ժեմայէլ ողջունեց Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն խորհրդակցութիւններն ու մերձեցումը:

«Այնքան ատեն որ համախոհութիւն գոյութիւն ունի, Լիբանան լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի: Իսկ մենք պիտի զօրակցինք լուրջ հարցերու իմաստով գոյանալիք համաձայնութիւններուն եւ համախոհութիւններուն», ըսաւ Ժեմայէլ:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Կը Խօսուի Իշխող Կուսակցութեան Եւ Ազգայնականներուն Միջեւ Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Հաւանականութեան Մասին

Յաջորդը

Սաատիյաթի Մէջ Զինեալ Բախումները Կը Պատճառեն Երեք Զոհեր Եւ Չորս Վիրաւորներ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.