Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգայնական Շարժում Կուսակցութեան Անուղղակի Աջակցութեամբ. Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Թեկնածուն Ընտրուեցաւ Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահ

July 2, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իհսանօղլու կը շնորհաւորէ Եըլմազը
Իհսանօղլու կը շնորհաւորէ Եըլմազը

Թուրքիոյ խորհրդարանը երէկ ընտրութեան չորրորդ հանգրուանին ընթացքին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածուն, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Իսմեթ Եըլմազը Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անուղղակի աջակցութեամբ ընտրեց Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ: Առաջին երկու հանգրուանները տեղի ունեցած էին 30 յունիսին, սակայն ոչ ոք կրցած էր 550 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանի 367 անդամներու աջակցութիւնը ստանալ: Երրորդ հանգրուանը տեղի ունեցաւ երէկ եւ դարձեալ ոչ մէկ թեկնածու ապահովեց անհրաժեշտ 276 քուէները: Չորրորդ հանգրուանին, երբ ընտրուելու համար պէտք էր քուէներու մեծամասնութիւնը ապահովել` Եըլմազ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ 258 երեսփոխաններուն քուէները ստանալով ընտրուեցաւ խորհրդարանի նախագահ:

Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի 1 յուլիսին յայտարարեց, որ իր կուսակցութեան անդամները պիտի չքուէարկեն Ժողովրդավարական ժողովուրդի կուսակցութեան աջակցութիւնը վայելող թեկնածուի մը: Երրորդ հանգրուանին Ազգայնական շարժում կուսակցութեան թեկնածու Էքմելետտին Իհսանօղլու դուրս մնաց ընտրապայքարէն եւ շարժումի անդամ երեսփոխանները կատարեցին Պահչելիի ցուցմունքը: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածու Տենիզ Պայքալ չորրորդ հանգրուանին միայն 182 քուէ ստացաւ, 78 քուէներ անվաւեր նկատուեցան, իսկ ճերմակ քուէներուն թիւն էր 29: Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխաններէն ոմանք քուէարկեցին ի նպաստ Պայքալի, իսկ ուրիշներ տուին ճերմակ քուէ:

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը գրէ, որ քաղաքական վերլուծաբաններ Պահչելիի քայլը նկատեցին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածուին օգտին «անուղղակի աջակցութիւն»:

Խորհրդարանի նախագահին ընտրութեամբ պաշտօնապէս ընթացք կ՛առնէ համախոհական կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Եըլմազ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին մօտիկ անձնաւորութիւն մըն է:

Նախորդը

Սիսի Կաթողիկոսարանի Դատին Զարգացումներուն Նուիրուած Մամլոյ Ասուլիս. Փրոֆ. Սոֆուօղլու. «Դատին Հիմնական Նպատակը Սիսի Կաթողիկոսարանի Կալուածին Վերադարձն Է Եւ Ոչ Թէ Նիւթական Հատուցումը»

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ Սինայի Մէջ Յարձակում Գործեց Եգիպտական Բանակին Դէմ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.