Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ ՊՕՂՈՍ Գ. ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2010-2011 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՃԵԼԻ ՊՏՈՅՏԸ

August 15, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2010-2011 տարեշրջանի աւարտին, վարժարանիս աշակերտները իրենց տնօրէնին եւ ուսուցչակազմին ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Քջակ (Քրիստոնէական Ջանից ամառնային կեդրոն) համագումարի կեդրոնը, որ կը գտնուի լեռնային գեղատեսիլ վայրի մը մէջ:

Երեխաները մեծ խայտանքով թռչկոտեցան Քջակի չորսդին գտնուող ծառ-ծառաստաններուն մէջ, այլազան խաղեր կազմակերպեցին ու խաղացին ազատ խաղավայրին մէջ` վայելելով մանկական խաղերու յարմարանքները բնութեան շնորհած բացօթեայ հովանիին տակ:

Մեր դպրոցական պտոյտը, բացի կերուխումէ ու խաղէ, լի էր նաեւ անակնկալներով: Առաւօտեան մեզի այցելեց Ռիմա Չոլաքեանը, որպէսզի ամփոփ ձեւով մեզի ներկայացնէ Քջակի պատմական անցեալը: Ան ըսաւ, թէ Քջակը հիմնուած է 1949 թուականին, անոր հիմնադիրները եղած են հայ աւետարանական համայնքի նուիրեալներէն` Օգոստին Պետիր, տոքթ. Բիւզանդ Գրիգորեան, Բիւզանդ Գալֆայեան եւ Բիւզանդ Կիւլեսերեան: Օրդ. Ռիման շարունակեց` ըսելով, թէ Քջակը հանգստեան վայր մըն է, ուր հիմնուած են` եկեղեցի, առանձին բնակարաններ, ճաշարան եւ այլ յարմարանքներ. ներկայիս այս համագումարի կեդրոնը փլատակ վիճակի մէջ է, լիբանանեան պատերազմին պատճառով, սակայն վերանորոգման աշխատանքները ընթացքի մէջ են:

Այս հանդիպման ընթացքին քանի մը փոքրիկներ ելոյթ ունեցան` ցուցաբերելով իրենց շնորհները. անոնք երգեցին ու նուագեցին դաշնամուրի վրայ:

Օրուան անակնկալներէն էր նաեւ երկրորդ դասարանէն փոքրիկն Կարօ Նաճարեանի տարեդարձին նշումը: Իսկ վերջին անակնկալը մրցանակաբաշխութիւնն էր` 2010-2011 տարեշրջանի բարձրագոյն նիշերու, վարքի եւ այլ մրցանակներու բաշխումը կատարուեցաւ բնութեան հաճելի մթնոլորտին մէջ:

Յետմիջօրէին փոքրիկները վերադարձան դպրոց` տոգորուած անմոռանալի յիշատակներով:

ՄԱՐԱԼ ԳՐՏՈՔԵԱՆ

Նախորդը

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄ. ՀԱՍԿՆԱԼ ԹՈՒԻԹԸՐԻ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ԶԻՆԵԱԼ ՄԻՋԱԴԷՊ` ԷՀՏԵՆԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։