Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու Կոմիտէի Նախագահը Կը Պատասխանէ Ազրպէյճանցի Երեսփոխանին

June 24, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-23-15_eu22 յունիսին Սթրազպուրկի մէջ սկսաւ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ամառնային նստաշրջանը, որուն ընթացքին, ըստ սահմանուած կարգին, Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահ, Պոսնիոյ արտաքին գործոց նախարար Իկոր Ցրնատաք խորհրդաժողովի անդամներուն առջեւ խօսք մը արտասանեց եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն:

ԵԽԽՎ-ի մէջ Ազրպէյճանի պատուիրակութեան անդամ Կանիրա Փաշայեւա հարցում ուղղեց Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին կողմէ «Չիրագովը ընդդէմ Հայաստանի» գործով տրուած վճիռին վերաբերեալ: Ցրնատաք պատասխանեց, որ բացի ազրպէյճանցի երեսփոխանի նշած գործէն, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը վճիռ արձակած է նաեւ «Սարգսեանը ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործով:

Ցրնատաք` նշելով, որ նախարարներու կոմիտէն կը հետեւի վճիռներու իրականացման ընթացքին, միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, որ խնդիրի լուծման միջնորդական առաքելութիւնը կը կատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը, իսկ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը Եւրոպական խորհուրդի անդամակցութեան պահէն միացեալ պարտաւորութիւն ստանձնած են հիմնախնդիրը լուծելու խաղաղ ճամբով:

Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահի պատասխանը, փաստօրէն, կը հաստատէ, որ անկախ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վերոյիշեալ որոշումէն, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթը կ՛ընթանայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ:

 

Նախորդը

Ըստ «Հաարեց»-ի. Յառաջիկայ Ժամերուն Կոլանի Մէջ Կրնան Արձանագրուիլ Վտանգաւոր Զարգացումներ Եւ Իսրայէլը Մղել Ուղղակի Միջամտութիւն Կատարելու

Յաջորդը

Փաքիստանի Մէջ Չափազանց Տաք Եղանակին Պատճառով 474 Մարդ Մահացած Է

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.