Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէնին Պատմութիւնը (Հայրենիքէ Հայրենիք)

June 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ 

6-23-15_armen«Կ՛ուզեմ գիրք մը գրել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթիւ, արաբերէն լեզուով, արաբ պատանիներուն համար, որոնք չեն լսած Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդին տառապանքներու մասին», ըսաւ Նաթալին ու սկսաւ աշխատանքին` ծնունդ տալով «Արմէնին պատմութիւնը» գիրքին:

Գիրքին հերոսն է Արմէն անունով հայ պատանի մը, Վան քաղաքէն, որ իր ընտանիքին հետ կը բռնէ գաղթի ճամբան` կորսնցնելով ամէն բան, տուն, ընտանիք, ընկերներ:  Արմէն մեծ դժուարութիւններ կրելով `կը հասնի Տէր Զօր եւ անկէ` Լիբանանի Այնթուրայի որբանոցը ու հոն կը մնայ մինչեւ երիտասարդ տարիքը:

Սակայն Արմէն բնաւ չի յուսահատիր: Միշտ իր մտքին մէջ էին հայրենի Վան քաղաքը, ընտանիքը, ընկերները, հայկական սովորութիւններ, լաւաշ հացը… մանկութեան ընկերուհին` Թամարը…

Եւ օր մըն ալ պատահմամբ Արմէն կը հանդիպի իր մանկութեան ընկերուհիին` Թամարին, եւ անոնք կ՛ամուսնանան ու կը կազմեն ընտանիք` պահպանելով հայ ընտանիքի մը բոլոր արժանիքները, հայկական սովորութիւններով, աւանդութիւններով եւ կը հաստատուին Լիբանան` յարգելով զիրենք հիւրընկալող երկրին սովորութիւնները, անոր շաղուածքին ու օրէնքներուն ընտելանալով` կը դառնան նաեւ տիպար լիբանանցիներ:

Գիրքը նկարազարդուած է արուեստագէտ Նանոր Հաճեանի կողմէ:

Գիրքին վերջաւորութեան կան բացատրութիւններ, որպէսզի ընթերցողը ծանօթանայ հայկական որոշ արժանիքներու, ինչպէս` լաւաշ հացը, անմոռուկ ծաղիկին նշանակութիւնը, ո՞վ են հայերը: Հոն տեղադրուած է նաեւ հայկական այբուբենը: Այդ բաժինով հեղինակը արաբ պատանիին կը տեղեկացնէ, թէ հայերը քրիստոնէութիւնը պետականօրէն ընդունած առաջին ժողովուրդն են, Հայաստանը եւ հայ մշակոյթը ունին շատ հին պատմութիւն, եւ կը բացատրէ, թէ ի՛նչ է Ցեղասպանութիւնը:

«Արմէնին պատմութիւնը» հետաքրքրական գիրք մըն է, ուր պատանիներ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ չափահասներ հետաքրքրութեամբ կրնան կարդալ եւ ճանչնալ հայ ժողովուրդին ապրած կեանքին ու պատմութեան մասին:

Գիրքը, անձնական նախաձեռնութեամբ բաժնուեցաւ արաբական դպրոցներու մէջ, ինչպէս` Զահլէ, Պաալպեք, Ալէյ եւ Պէյրութ, ինչպէս նաեւ` Դամասկոսի մէջ:

«Արմէնին պատմութիւնը»  նուիրուած էր հեղինակին մօրը յիշատակին, ինչպէս նաեւ` աշխարհի բոլոր մանուկներուն, որոնք կը տառապին պատերազմներու պատճառով` կրելով զրկանք եւ թշուառութիւն:

Վարձքդ կատա՛ր, Նաթալի Քենտիրճեան: Կը յուսանք, որ նման նախաձեռնութիւններու ճամբով օտարներ աւելիով ծանօթանան, հետաքրքրուին մեր պատմութեամբ:

Քաջալերենք մեր շուրջը գտնուողները, որպէսզի գիտնան գիրքին արժէքը եւ ընթերցանութեան օգուտները:

 

 

Նախորդը

Նամականի

Յաջորդը

«Արմէն» Ճամբարի Որբերը Գործածուեցան Որպէս Ընտրարշաւի Նախանիւթ. Առ Այժմ Յոյս Չկայ, Որ Կալուածը Կը Վերադարձուի Հայ Համայնքին

RelatedPosts

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.