Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրենժիէ. «Կը Զօրակցիմ Հըզպալլայի Զէնքին, Եթէ Ան Զիս Իբրեւ Փոքրամասնութիւն Կը Պաշտպանէ»

June 20, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սլէյման Ֆրենժիէ
Սլէյման Ֆրենժիէ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք տեղեակ էր, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպում մը պիտի կատարուի` աւելցնելով, որ իրենք կը զօրակցին քաղաքական երկու ուժերուն միջեւ ստորագրուած միացեալ նպատակներու փաստաթուղթին եւ անոր գործադրութեան:

«Մենք մեր քաղաքականութիւնը պիտի չփոխենք, եւ պէտք է նշել, որ միջքրիստոնէական տարակարծութիւնները ի դերեւ ելած են բոլորին սպառնացող վտանգին պատճառով», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Լիբանանի դէմ սպառնացող հաւատադրժողական ահաբեկչութեան վտանգին` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ «Հըզպալլա դիրքաւորուած է Լիբանանի սահմաններուն վրայ եւ կը պաշտպանէ երկիրը, իսկ մենք կը զօրակցինք անոր զէնքին, եթէ ան մեզի իբրեւ փոքրամասնութիւն կը պաշտպանէ»:

Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը Սուրիոյ մէջ կը պաշտպանէ քրիստոնեաներուն սրբավայրերը, որոնք Միջին Արեւելքի հարստութիւնն են:

Այս շրջագիծին մէջ Ֆրենժիէ ըսաւ, որ հաւատադրժողական ահաբեկիչներէն պաշտպանուելու իմաստով կարելի չէ Արեւմուտքին վստահիլ` աւելցնելով, որ քրիստոնեաներուն պաշտպանութեան միակ երաշխիքը Դիմադրութիւնն է եւ սուրիական վարչակարգը, որուն տապալումին պարագային քրիստոնեաները պէտք է զէնք բարձրացնեն եւ ինքնապաշտպանութեան դիմեն:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը պիտի ընտրուի շրջանին պարզած իրավիճակին համաձայն` նկատել տալով միաժամանակ, որ անիկա կա՛մ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ եւ կա՛մ Մարտ 14-ի` ընդգծելով, որ համախոհական նախագահի մը ընտրութիւնը այս հանգրուանին գրեթէ անկարելի է:

Ֆրենժիէ նշեց, որ ինք կը զօրակցի զօր. Աունի առաջարկած ժողովրդային հանրաքուէին, ինչպէս նաեւ երկրին վարչակարգին փոփոխութեան յատուկ խորհրդաժողովին, որովհետեւ ինք համաձայն է, որ ազգային միասնականութեան շրջագիծին մէջ սահմանադրութեան որոշ կէտեր փոփոխութեան ենթարկուին:

Ֆրենժիէ հաստատեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ յարաբերութիւնը սովորական է, իսկ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ յարաբերութիւնները շատ լաւ են:

 

 

Նախորդը

Սամի Ժեմայէլ Հըզպալլայի Հետ Երկխօսութիւն Կատարելու Փափաք Կը Յայտնէ

Յաջորդը

Միւֆթի Տըրիան Ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.