
Lenta.ru կայքը` յղում կատարելով «Նէյչըր» ամսագիրին, կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը եպիսկոպոսներուն ուղղուած քաղաքական, ընկերային եւ կրօնական կարեւորագոյն հարցերով նախանցեալ օր հրապարակուած կոնդակին մէջ քաղաքական գործիչները կը յանդիմանէ քաղաքական գործիչները կլիմայի փոփոխութիւնը դադրեցնելու համար քայլեր չկատարելու պատճառով:
Ըստ ամսագիրին, նշեալ կոնդակին սեւագիր տարբերակին մէջ կը նշուի, որ համաշխարհային ջերմացումը կրնայ յանգեցնել «կենսոլորտային համակարգերու աննախադէպ ոչնչացման եւ մարդկութեան համար ծանրագոյն հետեւանքներու»:
Ֆրանչիսկոս պապը կոչ կ՛ուղղէ ոչ միայն անցում կատարելու ուժանիւթի այլընտրանքային աղբիւրներու, այլ նաեւ` փոխելու բնութեան նկատմամբ վերաբերմունքը:
Բացի ատկէ, Հռոմի եպիսկոպոսապետին կարծիքով, զարգացած երկիրները պէտք է հիմնական դեր խաղան կլիմայական փոփոխութիւններուն դէմ պայքարին մէջ: Ֆրանչիսկոս պապին կարծիքով, քաղաքական գործիչները չեն յաջողած յառաջընթաց արձանագրել ջերմոցային կազմերու սահմանափակման գործին մէջ:
«Նէյչըր» ամսագիրին տուեալներով, կոնդակի նպատակը Փարիզի մէջ դեկտեմբերին նախատեսուած ՄԱԿ-ի խորհրդաժողովի նախօրեակին կենսոլորտային խնդիրներուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելն է:


