Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համշէնահայ Մահիր Էօզքան Ներկայացուց Համշէնցիները

June 20, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-19-15_mahirՀԲԸՄ ՀԵԸ Անդրանիկ մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ երէկ` ուրբաթ, 19 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Համշէնցիները» խորագիրով ձեռնարկ մը, որուն հիւր դասախօսն էր համշէնցի Մահիր Էօզքան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կարօ Աբրահամեան: Ան ըսաւ, թէ ժամանակն է, որ ընդունինք մահմետականաց(ու)ած հայու կերպարի գոյութիւնը իր հողին վրայ, ապա խօսեցաւ զանազան խմբաւորումներով շուրջ 2 միլիոն համշէնցիներու գոյութեան փաստին մասին, որոնց բնակավայրերը կ՛երկարին Տէրսիմէն մինչեւ Վրաստանի սահման Սեւ ծովու ափերուն:

Կարօ Աբրահամեանի կողմէ օրուան բանախօս Մահիր Էօզքանի ներկայացումէն ետք ցուցադրուեցաւ Էօզչան Ալպերի բեմադրած «Մոմի» շարժապատկերը, որ կը ներկայացնէ Համշէնի կենցաղը, հին ու նոր սերունդներու յարաբերութիւնը, վտանգուած բարբառը եւ բնութիւնը:

Կարօ Աբրահամեան ներկայացուց Մահիր Էօզքանի «Համշէնեան պատմուածքներ. համշեցնակ հեքիաթներ» խորագիրը կրող գիրքը, որ կը բաղկանայ 24 պատմուածքներէ, որոնք կը տարուբերին անձնական յուշերու, աւանդապաշտ եւ վերացական պատումներու միջեւ: Գիրքին պատմուածքները գրուած են հայատառ համշէներէնով, թրքերէնով եւ հայերէնով:

Բեմ հրաւիրուեցաւ բանախօս Մահիր Էօզքան: Ան նկարներու ցուցադրութեան ընդմէջէն եւ Համշէնի բարբառով անդրադարձաւ Համշէնի պատմական տուեալներուն` առաջ քաշելով այդ մասին եղած բոլոր վարկածները: Ապա ներկայացուց համշէնահայութեան երեք խմբաւորումները իրենց տարածքներով եւ կենցաղով եւ մշակութային մանրամասնութեամբ: Ան նկատել տուաւ, թէ համշէնահայութեան ստուար մաս մը կ՛ընդունի իր ինքնութիւնը առանց բարբառը տիրապետելու, մաս մը, որ կը խօսի համշէներէն, բայց իսլամութիւնը դաւանած է, իսկ ստուար մաս մըն ալ քրիստոնեայ համշէնահայերն են, որոնք եւ կը խօսին` եւ կը պահեն բարբառը: Ան խօսեցաւ համշէնի գործունէութիւններուն մասին` յիշելով Պոլսոյ մէջ գործող «Հատիկ» միութեան աշխատանքը, «Կոր» ամսագիրը, տարբեր հրապարակումներ եւ մինչ օրս եղած հրատարակութիւնները, «Վովա» երգ ու պարի համոյթը, որոնք բոլորն ալ մեծ դեր կ՛ունենան Համշէնի հարցերու արծարծման: Բանախօսը անդրադարձաւ համշէնի բարբառին մասին եւ նշեց, որ ան կորստեան մատնուող լեզուներուն շարքին է արդէն` յայտնելով, որ բարբառը պահելու համար արդէն տարբեր վայրերու հետ զայն նոր սերունդին սորվեցնելու փորձեր կը կատարուին:

Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ վտանգուած լեզուն պահելու կողքին անհրաժեշտ է մարդկային ներուժի եւ կենցաղին վերաբերող հարցերու լուծումներ գտնել Համշէնի մէջ: Ապա ակնարկեց Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւններուն, որոնք կրնան զարգանալ նաեւ յօգուտ համշէնահայութեան: Ան ընթերցեց նաեւ Համշէնի բարբառին մաս կազմող բառերու ցանկ մը, որոնց համապատասխան տուաւ հայերէն տարբերակը` մատնանշելով հնչիւնափոխուած տառերը:

Ներկաները ունկնդրեցին նաեւ համշէներէն երգեր, գեղեցիկ կատարումներ ու մեկնաբանութիւններ, երաժշտութիւն, ապա բանախօսը հերթաբար պատասխանեց ներկաներուն գրաւոր հարցումներուն:

 

 

Նախորդը

Հովանաւորութեամբ Անթիլիասի Եւ Նաքքաշի Քաղաքապետին Եւ Իր Կնոջ. «Այբ Թու Զետ» Ակադեմիայի Գունաւոր Առաջին Տասնամեակի Նշում Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Քաղաքական Գործիչները Յանդիմանած Է Բնութեան Նկատմամբ Իրենց Անփոյթ Վերաբերմունքին Համար

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.