Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սամի Ժեմայէլ Ընտրուեցաւ Փաղանգաւոր Կուսակցութեան 7-րդ Նախագահը

June 15, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-14-15_sami_entikhabetՓաղանգաւոր կուսակցութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սայֆիի իր կեդրոնատեղիին մէջ սկսաւ իր ընտրութիւններուն, որուն հիման վրայ որոշուեցան կուսակցութեան նախագահութիւնը եւ քաղաքական խորհուրդի անդամները:

Նշենք, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան Ա. փոխնախագահի պաշտօնին համար մրցակիցի բացակայութեան պատճառով ընտրուեցաւ Ժոզեֆ Ապու Խալիլ:

Իսկ Փիեռ Աթալլա եւ Սասին Սասին մրցակցեցան Փաղանգաւոր կուսակցութեան փոխնախագահի պաշտօնին համար:

Աւելի ուշ յստակացաւ, որ Սամի Ժեմայէլ ընտրուած է կուսակցութեան 7-րդ նախագահը` 339 քուէով:

Ընտրութեան ընթացքին երեսփոխան Նատիմ Ժեմայէլ յոյս յայտնեց, որ կուսակցութեան իւրաքանչիւր պատասխանատու իր դերակատարութիւնը ունենայ եւ նպաստէ կուսակցութեան հզօրացման եւ բոլորին հանդէս բաց քաղաքականութեան ցուցաբերման:

Քուէարկութեան պահուն երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք` իբրեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան անդամներ, կը հպարտանան Արեւելքով եւ անոր ժողովրդավարութեամբ:

Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ ինք ընտրական հոլովոյթին առումով պիտի մնայ չէզոք` աւելցնելով, որ Փաղանգաւոր բոլոր ընկերները սիրելի են եւ իրենք միասին պայքարած են կուսակցութեան բարօրութեան համար:

«Ես կը յարգեմ բոլոր թեկնածուները եւ բոլորին յաջողութիւն կը մաղթեմ` դիտել տալով, որ քուէարկութեան պայքարը բաց պիտի ըլլայ բոլորին համար», ըսաւ Ժեմայէլ:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ իր դէմ ներկայացուցած բողոքարկումները սուրիացիներուն եւ սուրիական վարչակարգին  մնացորդացին կողմէ են:

«Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընտրութիւնները պիտի կատարուին ժողովրդավարական մթնոլորտի մէջ, եւ մենք կը հպարտանանք մեր ժողովրդավարութեամբ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինք ի՛նչ պիտի ընէ քուէարկութեան արդիւնքներուն յայտարարուելէն ետք, Ժեմայէլ ըսաւ. «Եղբօրս` Փիեռին պիտի այցելեմ»:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ ինք կուսակցութեան մէջ ծառայած է միայն ժողովրդավարութեան` աւելցնելով, որ անիկա պէտք է օրինակ ծառայէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան, որովհետեւ Լիբանանը պիտի չկայանայ առանց հանրապետութեան նախագահի:

Ժեմայէլ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու` ընդգծելով, որ ինք նախագահական ընտրութեան թեկնածու է: Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահը ժողովուրդին վստահութիւնը պէտք է շահի եւ պէտք է փարատէ բոլոր լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները, յատկապէս` քրիստոնեայ համայնքին մտահոգութիւնը:

Նախորդը

Ժոմպլաթ Ընդունեց Սինիորան

Յաջորդը

Տիգրանակերտի Հայկական Եկեղեցին Եւրոպական Միութեան Մշակութային Ժառանգութեան Մրցանակ Կը Ստանայ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.