Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ան Որ Սուրիոյ Ժապալ Արապ Շրջանին Դէմ Յարձակում Գործէ, Իր Գերեզմանը Պիտի Ըլլայ Այդտեղ» Կ՛Ըսէ Արսլան

June 13, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-12-15_ArslanԼիբանանեան Ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան դատապարտեց Քալպ Լաուզէի զաւակներուն դէմ գործուած բարբարոսական ոճիրը եւ իր համայնքի զաւակներուն հարց տուաւ. «Հաւատադրժողականներուն կողմէ Ժապալ Սամմաքի գրաւումէն 3 տարի ետք ինչո՞ւ առջի օր Իտլիպի մէջ տասնեակներ մորթուեցան»: Ան նշեց, որ պատասխանը յստակ է, որովհետեւ կարելի չէ Իտլիպի մէջ տիւրզիներուն դէմ տեղի ունեցածը չկապել իսրայէլեան-հաւատադրժողական միացեալ ծրագիրին:

Ան նշեց, որ Իտլիպի մէջ խնդիրը յարանուանական չէ, եւ յարանուանական որեւէ հրահրում տիւրզիներուն եւ իսլամներուն արիւնը հեղելու հրահրում մըն է:

Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ այնպէս կը ներկայացուի, որ Ժապալ Արապը որեւէ պահու կրնայ գրաւուիլ` աւելցնելով, որ այս ճակատամարտը արաբներուն եւ Լիբանանի տիւրզիներուն ճակատամարտն է: «Ան որ Սուրիոյ Ժապալ Արապ շրջանին դէմ յարձակում կը գործէ, իր գերեզմանը պիտի ըլլայ այդտեղ», ըսաւ Արսլան:

Թաուհիտ Արապի կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ Քալպ Լաուզէի մէջ տիւրզիներու սպանութեան հարցով նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ մեծ տէրութեանց դեսպաններուն` անոնց կոչ ուղղելով տիւրզիներուն արիւնահեղութեան հարցով վճռական կեցուածք որդեգրելու եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի վերջինս միջամտէ Թուրքիոյ մօտ եւ զայն մղէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն իր աջակցութեան համար պատասխանատուութիւն ստանձնելու:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը գրեց. «Իսրայէլ որոշած է Սուրիոյ մէջ տիւրզի համայնքի զաւակները պաշտպանելու համար զինուորական միջամտութիւն չկատարել, հակառակ անոր որ Իսրայէլի տիւրզի ղեկավարները իսրայէլեան կառավարութենէն խնդրած են սահմանին սուրիական կողմը գտնուող իրենց եղբայրներուն զինուորական աջակցութիւն ցուցաբերել»:

 

Նախորդը

Դիմադրութեան Մարտիկները Եւ Սուրիական Բանակը Շարունակեցին Ժարաժիրի Բարձունքներուն Վրայ Յառաջանալ

Յաջորդը

Հայաստան – Պելճիքա Գործարար Համաժողով` Պրիւքսէլի Մէջ

RelatedPosts

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք  Այլընտրանքային Հսկողութեան  Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Այլընտրանքային Հսկողութեան Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի

November 11, 2026
Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք  Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն  Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը  Չթիրախաւորելու»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը Չթիրախաւորելու»

November 11, 2026
Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային  Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց
Լիբանանեան

Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.