
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ պլոքը խստիւ դատապարտեց Մազարեհ Շեպաայի եւ Ուազզանիի կողմէն իսրայէլեան ուժերուն գործած ոտնձգութիւնները` շեշտելով, որ Դիմադրութիւնը կը մերժէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ Իսրայէլի գործած ոտնձգութիւններն ու սահմանային խախտումները:
Պլոքը կառավարութենէն պահանջեց հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն լուծէն ազատագրել Արսալը` հաստատելով, որ Արսալի բնակիչները պէտք է ահաբեկչութենէն պաշտպանել:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը դատապարտեց նաեւ սէուտական-ամերիկեան ուժերուն կողմէ Եմէնի ռմբակոծումը:


