Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրիի Գնահատականով Ազգային Ազատ Հոսանք Եւ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւններուն Միջեւ Համաձայնութիւնը Կարեւոր Քայլ Մըն Է

June 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քանաան եւ Պըրրի
Քանաան եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Պըրրիի գնահատականով Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւնը կարեւոր քայլ մըն է ոչ միայն քրիստոնեայ համայնքին, այլեւ ամբողջ Լիբանանի համար:

Քանաան յայտնեց, որ Պըրրի նշած է, թէ միջքրիստոնէական երկխօսութիւնը ողջունելի է եւ անհրաժեշտ:

Քանաան նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ նախագահական ընտրութեան, կառավարութեան, նշանակումներուն եւ խորհրդարանին վերաբերող հարցեր` աւելցնելով, որ հանդիպումին ընթացքին յստակ էր իւրաքանչիւր կողմին կեցուածքը:

Քանաան մաղթեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ սահմանադրութեան գործադրութիւնը ըլլայ ամբողջական եւ ոչ մասնակի` աւելցնելով, որ Լիբանանը կարելի է պաշտպանել միայն իսլամ եւ քրիստոնեայ ազգային արդար համագործակցութեամբ:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Արսալի հարցին լուծումը լիբանանեան բանակին պատասխանատուութիւնն է, ինչպէս որոշած է Լիբանանի կառավարութիւնը:

Ֆաթֆաթ մաղթեց, որ խորհրդարանին աշխատանքը մօտիկ ապագային աշխուժանայ եւ կառավարութիւնը իր աշխատանքը շարունակէ:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ:

 

Նախորդը

«Օրէնսդրական Եւ Գործադիր Իշխանութիւններուն Անդամահատումը Ոչ Ոքի Համար Կրնայ Բան Մը Իրականացնել» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Յաջորդը

Դիմադրութեան Մարտիկները Շարունակեցին Ազատագրել Արսալի Բարձունքները

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.