Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կուսակցութիւններու Գոյքի Կառավարման Հարցը` Տարակարծութիւններու Առարկայ

June 6, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-05-15_kuikՀայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յառաջիկայ քառօրեայ նստաշրջանին պիտի քննարկուի «Կուսակցութիւններու մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը: Նախագիծով, մասնաւորապէս կ՛առաջարկուին կուսակցութիւններու գոյքի կառավարման կապուած փոփոխութիւններ: Հարցը կը քննարկուէր Ազգային ժողովի մարդկային  իրաւունքներու պաշտպանութեան մնայուն յանձնախումբին մէջ: Պատգամաւոր Ալեքսանտր Արզումանեան ըսաւ, որ կրկին օրէնքներ հապճեպ կերպով կը բերուին եւ կը պարտադրուի, որ հապճեպ կերպով, 24 ժամուան ընթացքին քննարկուին եւ ընդունուին:

Զեկուցող, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան առաջարկեց նախագիծը քննարկել եւ փոփոխութիւնները իրականացնել 24 ժամուան դրութեամբ: Ան ըսաւ. «Խնդիրը միայն անոր մէջն է, որ կ՛ուզեն, որ փոփոխութիւնները ընդունուին մինչեւ Ազգային ժողովի ամառնային արձակուրդին սկսիլը:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան աւելցուց. «Կրնայ ըլլալ, որ ամրան ընթացքին անհատ մը գոյք նուիրել ուզէ որեւէ կուսակցութեան: Արագացուած դրութեան մէջ ոչ մէկ խնդիր կայ, որովհետեւ կուսակցութիւնները, նաեւ մարզերուն մէջ, ունին ձեռք բերուած գոյք, որ կը տնօրինեն տարիներով, բայց իրաւական առումով չեն կրնար զանոնք սեփականաշնորհել»:

Ալեքսանտր Արզումանեան պնդեց. «Ասիկա այն հարցը չէ, որ պէտք է հապճեպ կերպով ընդունուի»: Յանձնախումբի նախագահ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Էլինար Վարդանեան յիշեց ժողովրդական խօսքը. «Ամէն ինչ լաւ է, բայց կ՛ուզեմ հասկնալ` ո՞ւր կ՛ուզեն մեզ նետել»: Արծուիկ Մինասեան արձագանգեց ըսելով, որ նախագիծը ոչ ոք «նետելու», խաբելու խնդիր կը հետապնդէ, այլ ուղղակի կ՛ուզեն մինչեւ ամառնային արձակուրդները զայն ընդունիլ, եւ թէ պէտք չէ այլ բաներ փնտռել: Մինասեան ըսաւ. «Փոփոխութիւնները կարեւոր են, որովհետեւ անոնք կարելիութիւն կու տան կուսակցութիւններուն օրինականացնելու իրենց կողմէ տնօրինուող գոյքը»:

Ա. Արզումանեան շեշտեց. «Ես վստահ եմ, որ այստեղ այլ խնդիր է, ատոր  համար այսպէս շտապ կը բերեն. թերեւս կայ կուսակցութիւն մը, որ իր գոյքը սեփականացնելու խնդիր ունի: Երկու տարի է հասարակական կազմակերպութիւններու մասին օրէնքը չենք կրցած աւարտել, իսկ ասոր պարագային ինչո՞ւ պէտք է շտապենք: Որովհետեւ կայ կուսակցութիւն մը, որ կ՛ուզէ գոյքը սեփականաշնորհել», ընդգծեց ան:

Արծուիկ Մինասեանն ալ յորդորեց իր գործընկերներուն ամէն բանի սեւ ակնոցներով չնայիլ, իսկ եթէ կ՛ուզեն համակարգային փոփոխութիւններ, թող բերեն այդ փոփոխութիւնները. «Այնպէս կը ներկայացնէք, կարծես որոշ խումբերու  համար ասիկա կարեւոր է…»:

 

 

 

Նախորդը

Շէյխուհի Մոզա Այցելեց Գառնի Եւ Գեղարդ

Յաջորդը

Վահան Յովհաննիսեանի Նոր Գիրքը Վարկանշային Աղիւսակի Յառաջատարն Է

RelatedPosts

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
Լաւրով. «ՀԱՊԿ-ի Դուռը Հայաստանի Համար  Չի Փակուիր. Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն Պիտի Չվտարեն»
Հայկական

Լաւրով. «ՀԱՊԿ-ի Դուռը Հայաստանի Համար Չի Փակուիր. Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն Պիտի Չվտարեն»

November 11, 2026
Լեպետեւ. «Հայաստան Չէ Ծանուցած ԱՊՀ-ի  Կազմակերպութենէն  Դուրս Գալու Ծրագիրներու Մասին»
Հայկական

Լեպետեւ. «Հայաստան Չէ Ծանուցած ԱՊՀ-ի Կազմակերպութենէն Դուրս Գալու Ծրագիրներու Մասին»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.