Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայերը, Միասեռականները Եւ Լրագրողները Սադրիչներ Են» Կ՛ըսէ Էրտողան

June 5, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան
Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութեան նախօրեակին շարունակեց իր «յարձակումը» հայերուն, սեռային փոքրամասնութիւններուն եւ լրագրողներուն դէմ` զանոնք ամբաստանելով քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան աջակցելու յանցանքով:

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Էրտողան ըսած է. «Անոնց մեծագոյն դաշնակիցը «Տողան» լրատու գործակալութիւնն է: Հայկական լոպին, սեռային փոքրամասնութիւնները եւ անոնք, որոնք «ալեւիութիւնը առանց Ալիի» կը հաւատան, սադրանքի բոլոր այս ներկայացուցիչները (Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան) բարերարներն են», ըսած է Էրտողան` Բիւրակնի մէջ 3 յունիսին տեղի ունեցած ընտրական հաւաքի մը ընթացքին:

«Անոնք նաեւ աջակցութիւն ստացան կարգ մը օտար լրատուամիջոցներէ, որոնք Թուրքիան կը նկատեն իրենց գաղութը», ըսած է ան:

Նոյն գիշեր քրտամէտ կուսակցութեան ընտրական քարոզարշաւին մէջ օգտագործուող փոքր փոխադրակառք մը յարձակումի ենթարկուած է: Անծանօթներ ջարդած են զայն, իսկ փոխադրակառքի վարորդ Համտուլլահ Էօկէի դիակը գտնուած է անկէ 25 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Յարձակումը տեղի ունեցած է երեկոյեան շուրջ 9:30-ին:

Միւս կողմէ, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշի` Էրզրումի մէջ տեղի ունենալիք հանրահաւաքէն առաջ միջադէպեր տեղի ունեցած են:

«Հիւրրիյէթ»-ի կայքը կը հաղորդէ, որ հանրահաւաքի նախապատրաստական աշխատանքին ընթացքին հաւաքուած է խումբ մը եւ յայտարարած, որ կուսակցութիւնը Էրզրումի մէջ հանրահաւաք պիտի չկատարէ:

Ոստիկանութիւնը զանոնք ցրուելու համար ջրաշիթ մեքենաներ ու արցունքաբեր կազ օգտագործած է:

Հրկիզուած է փոքր փոխադրակառք մը: Ատոր վարորդը վերջին պահուն կրցած է վիրաւոր վիճակով դուրս գալ մեքենայէն:

Նախորդը

Ստեփանակերտի Օդակայանէն Առայժմ Միայն Փոքր Օդանաւեր Թռիչք Կ՛առնեն

Յաջորդը

Նալբանդեան – Միրզոյեան Հանդիպում

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.