Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖԻՖԱ-ի Նախագահ Սեփ Պլեթըր Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

June 4, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6,03,15_sepp

ՖԻՖԱ-ի նախագահ իր վերընտրուելէն քանի մը օր ետք, 79 տարեկան զուիցերիացի Սեփ Պլեթըր պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ներկայացուց իր հրաժարականը:

Պլեթըր, որ 1998-էն ի վեր ՖԻՖԱ-ի նախագահ է, այժմ կը հարցաքննուի Միացեալ Նահանգներու հարցաքննիչներու եւ «Էֆ. Պի. Այ.»-ին կողմէ` կաշառակերութեան յանցանքով ամբաստանուելով:

Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին, նախքան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները, ոստիկանութիւնը Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) ներխուժեց պանդոկ մը եւ ձերբակալեց ՖԻՖԱ-ի շարք մը պատասխանատուներ, որոնք ամբաստանուեցան կաշառակերութեան յանցանքով:

Ցարդ ոչ մէկ յայտարարութիւն կը կատարուի Պլեթըրի հարցաքննութեան գծով, սակայն անոր ներկայացուցած հրաժարականը կարգ մը անձերու կողմէ դրականօրէն ընդունուեցաւ:

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինի, որ Պլեթըրը քննադատողներուն մէջ կը նկատուի գլխաւորը, ըսաւ. «Անոր հրաժարականը դժուար, քաջ եւ ճիշդ որոշում մըն էր»:

Իր հրաժարականը ներկայացնելէ ետք Պլեթըր ըսաւ, որ նոր նախագահի մը ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան շատ արագ ժամանակամիջոցի մը մէջ, բայց ՖԻՖԱ-ի պատասխանատու մը ըսաւ, որ նոր նախագահի ընտրութիւնը դժուար թէ տեղի ունենայ դեկտեմբերէն առաջ:

Պլեթըրի յաջորդին անդրադառնալով` «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ կարգ մը թեկնածուներու անունները, որոնցմէ մէկը կրնայ ընտրուիլ իբրեւ նոր նախագահ:

Այդ թեկնածուներն են` Միշել Փլաթինի (Ֆրանսա, 59 տարեկան), Ալի Պըն Հիւսէյն իշխան (Յորդանան, 39 տարեկան), Ժըրոմ Շամփանյը (Ֆրանսա, 56 տարեկան), Վոլֆկանկ Նիերսպախ (Գերմանիա, 64 տարեկան), Տոմենիքօ Սքալա (Իտալիա – Զուիցերիա, 50 տարեկան) եւ Ժըրոմ Վալքը (Ֆրանսա, 54 տարեկան):

Վերջապէս, ինչ կը վերաբերի 2018-ի եւ 2022-ի Մոնտիալներուն, կը կարծուի, որ Ռուսիոյ եւ Քաթարի թեկնածութեան յաջողութեան գծով տեղի ունեցած են կարգ մը զեղծարարութիւններ, որոնք սակայն կը շարունակուին քննարկուիլ:

 

 

Նախորդը

Ճատրակ. Զաւէն Անդրէասեանի Յաջողութիւնը` Քազանի Մէջ

Յաջորդը

Ճատրակ, Սպարտակ Գրիգորեան` Գերմանիոյ Պատանիներու Ախոյեան

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը

October 26, 2026
Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց

October 26, 2026
ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին
Մարզական

ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.