Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒՈՒՆ 4-ՕՐԵԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ

August 11, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 օգոստոսի առաւօտուն, «Արմենիա» առագաստանաւը, որ չորս օրէ ի վեր Լիբանան կը գտնուէր, պաշտօնապէս աւարտելով մայիս 2009-ին սկսած իր ուղեւորութիւնը մեկնեցաւ Կիպրոս, ուր պիտի դիմաւորուի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:

«Արմենիա» առագաստանաւուն «Մեսրոպ Մաշտոց» նաւախումբին հրաժեշտ տալու եկած էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ինչպէս նաեւ լիբանանահայեր:

«Արմենիա»ի Լիբանան այցելութեան մասին խօսելով` Գեղամ արք. Խաչերեան յայտնեց, որ անիկա մեծ յաջողութեամբ իրականացուց այն առաքելութիւնը, որուն համար ճամբայ ելած էր, որովհետեւ խորհրդանշական առագաստանաւը Հայաստանը տարաւ Հայաստանէն դուրս գտնուող համայն հայութեան` ստեղծելով մէկ ամբողջութիւն: Անոր համաձայն, հակառակ փոքր առագաստանաւ ըլլալուն, «Արմենիա»ն կրցաւ փաստել, որ հաւատքով ու վճռակամութեամբ կարելի է դիմագրաւել բոլոր մարտահրաւէրները, հսկայական ովկիանոսներ անցնիլ, որովհետեւ գոյութիւն ունի նպատակ եւ առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակելու պատրաստակամութիւն: Գեղամ արք. Խաչերեան դիտել տուաւ, որ պէտք է պատգամ քաղել «Արմենիա»էն եւ անոր անձնակազմէն` կառչելու հաւատքին ու վճռակամութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել ինքնութիւնն ու կերտել յաղթանակներ:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան անգամ մը եւս իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը յայտնեց այս առիթով` դիտել տալով, որ խորհրդանշական է «Արմենիա»ի ուղեւորութեան աւարտը հայահոծ Լիբանանի մէջ: Ան անսպառ եռանդ, կորով եւ մնայուն յաջողութիւն մաղթեց «Մեսրոպ Մաշտոց»ի անունը կրող նաւախումբին:

Իր կարգին, նաւախումբի ղեկավար, հայրենի մտաւորական Զօրի Բալայեան հրաժեշտի պահը յուզիչ նկատելով հանդերձ յայտնեց, որ ուրախութիւն է ձեռնարկուած ուղեւորութեան յաջողութիւնը տեսնել, որովհետեւ խորքին մէջ «Արմենիա»ն Հայաստանը կը մարմնաւորէ, հոն կան բուռ մը հող Հայաստանէն ու Արցախէն, Մեսրոպ Մաշտոցի նկարը, այբուբենը, զոհուածներուն նկարները, հայ մայրերուն լուսանկարները, մանաւանդ որ առաքելութիւնը նուիրուած է հայութեան ու հայոց լեզուի պահապան հայ մայրերուն: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ առագաստանաւուն այցելած բոլոր երկիրներուն մէջ ապրող հայութիւնը հասկցաւ «Արմենիա»ի առաքելութիւնը եւ ընկալեց անոր նպատակը:

Տըպպայէի Մարինա նաւահանգիստէն հեռանալէ առաջ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան օրհնեց առագաստանաւը, արտասանեց «Պահպանիչ»ը եւ անվտանգ նաւարկութիւն մաղթեց նաւախումբին:

«Արմենիա» հեռացաւ նաւահանգիստէն` Եռագոյնը պարզած եւ իր ուղեւորութեան յաջողութեամբ լիացած:

 

Նախորդը

«ՄԵՐ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ԱՇԽԱՐՀԱՍՓԻՒՌ ՀԱՅ ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄՆ ՈՒ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻՆ ՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԳԱԳԻԿ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Յաջորդը

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԼՈՒՐՋ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ՄԸ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.