Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասատ. «Այն Տառապանքը, Զոր Պատմութեան Մէջ Հայերը Ապրեցան, Այսօր Սուրիան Կ՛ապրի` Սպանութեան Ու Ահաբեկչութեան Նոյն Գործիքներով, Սակայն Տարբեր Ձեւով Ու Նպատակի Համար»

May 28, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

President-al-Assad_Nalbandian-1

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ` 27 մայիսին, Պէյրութէն մեկնեցաւ Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ:

Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, հանդիպման ընթացքին կողմերը շեշտեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ խոր արմատներ ունեցող պատմական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը եւ ընդգծեցին անոնց ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը` ի շահ երկու երկիրներուն եւ տարածաշրջանին: Սուրիոյ նախագահը դիտել տուաւ, որ Հայաստանի կարեւոր դեր վերապահուած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ, նաեւ ընդգծեց տարածաշրջանի իրական պատկերը արեւմտեան երկիրներուն ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ասատ Նալբանդեանի հետ իր հանդիպումին ընթացքին նշեց. «Այն տառապանքը, զոր պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ, այժմ սուրիացիներու բոլոր հատուածները կ՛ապրին` սպանութեան ու ահաբեկչութեան նոյն գործիքներով, սակայն տարբեր ձեւով ու նպատակի համար»:

Ասատ յայտնեց. «Հայաստանի կառավարութիւնը  կրնայ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն դիմագրաւած ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ»:

Ան դիտել տուաւ, որ Թուրքիա վտանգաւոր դեր կը խաղայ` նշելով, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ` դադրեցնելու իր ապակառուցողական գործողութիւնները: Իր կարգին, Էդուարդ Նալբանդեան դատապարտեց սուրիացիներուն դէմ ահաբեկչական գործողութիւնները` նշելով, որ սպառնալիքը կը պահանջէ միասնական եւ լուրջ ջանքեր ի գործ դնել` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար:

Նալբանդեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Ուալիտ Մոալլեմի հետ, որ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ սուրիացի ժողովուրդը կարողութիւնը ունի դիմադրելու «սուրիական հայրենիքը մասնատելու որեւէ փորձի»` աւելցնելով. «Սուրիոյ դէմ դաւ նիւթող երկիրները յայտնի են` անոնք են Սէուտական Արաբիան, Յորդանանը, Քաթարը եւ Թուրքիան»:

Մոալլեմ ըսաւ. «Եթէ նախապէս հայերուն դէմ ջարդեր գործած մարդասպանները դատուէին, ատիկա չէր կրկնուեր, եւ այսօր Թուրքիոյ մէջ անոնց թոռները չէին համարձակեր Սուրիոյ մէջ իրենց գործիքներուն ճամբով ջարդեր գործելու»` հարց տալով. «Միջազգային ընտանիքը նոր ջարդարարներուն ի՞նչ կ՛ընէ»:

Նալբանդեան իր կարգին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ճգնաժամը կարելի է յաղթահարել միայն բռնարարքներու դադրեցման եւ սուրիական տարբեր հատուածներուն միջեւ երկխօսութեան ճամբով` ինչ որ բոլոր սուրիացիներուն շահերը կ՛ապահովէ:

«Սուրիոյ մէջ քաղաքայիններուն, ներառեալ փոքրամասնութեանց կացութիւնը մեզի համար մնայուն հետաքրքրութեան կիզակէտ է», ըսաւ ան եւ սուրիական իշխանութիւններուն երախտագիտութիւն յայտնեց` հայկական ժառանգութեան ու աւանդութեան նկատմամբ ցուցաբերած հոգատարութեան համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ այս այցելութիւնը կը կատարուի խորհրդանշական թուականի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ան ըսաւ, որ 100 տարի առաջ սուրիական անապատները դարձան Ցեղասպանութեան հարիւր հազարաւոր զոհերու վերջին հանգրուանը, իսկ սուրիացի ժողովուրդը օգնութեան ձեռք մեկնեց անոնց, Սուրիան դարձաւ ապաստան եւ երկրորդ հայրենիք:

Նալբանդեան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշանաբանն էր «Այլեւս երբեք», եւ Հայաստան միջազգային ընտանիքին մէջ մեծ ջանք ի գործ կը դնէ աշխարհի տարածքին ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար:

Ան յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը սկսած է գիտակցիլ, որ որոշումներու որդեգրումը միայն բաւարար չէ, այլ այդ չարիքի կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար պէտք է հարկ եղած քայլերը որդեգրել:

 

Նախորդը

Սպանական Սանթա Մարկարիթան Պաշտօնապէս Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Զօր. Միշել Աունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.