Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Միշել Աունի Նախաձեռնութիւնը Ներկայացուեցաւ Մոհամետ Սաֆատիի Եւ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան

May 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-21-15_kanaan_safadiԱզգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն  պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Հիքմաթ Տիպ, երէկ այցելեց երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատիի, որուն յանձնեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Սաֆատի յայտնեց, որ առանց համախոհութեան կարելի չէ Լիբանանի մէջ բարեկարգումներ իրագործել: Ան հաստատեց, որ ինք համաձայն է զօր. Աունի հետ` ազգային հաւասարակշռուած գործակցութեան իրականացման առումով:

Սաֆատի ընդգծեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը, նոյնիսկ եթէ ան կ՛ենթադրէ նոր խորհրդարանի մը ընտրութիւնը:

Քանաան իր կարգին հաստատեց, որ պէտք է բարեկարգումներուն շուրջ լիբանանեան համախոհութիւն գոյացնել, այլապէս Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն գոյութիւնը կրնայ վտանգուիլ:

Միւս կողմէ, զօր. Աունի նախաձեռնութիւնը ներկայացնելու նպատակով այլ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ալեն Աուն, Սիմոն Ապի Ռամիա, Ուալիտ Խուրի եւ Նաժի Ղարիոս, այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի Քլեմանսոյի բնակարանը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ անոր զաւկին` Թէյմուր Ժոմպլաթի հետ, ներկայութեամբ նախարարներ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ Աքրամ Շեհայէպի, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Հանրի Հըլուի եւ Ալաէտտին Թըրրոյի, կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասերի եւ տեղեկատուութեան հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէսի:

Հանդիպումէն ետք Ալեն Աուն յայտնեց, որ

քննարկած են նախագահական ընտրութեան թղթածրարը, սակայն ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումին իմաստով համաձայն չեն գտնուած:

Իր կարգին, Շեհայէպ շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան Թաէֆի համաձայնագիրին` աւելցնելով, որ երկու կուսակցութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը մնայուն կերպով առկայ է:

 

 

Նախորդը

Զօր. Քահուաժի. «Պատրաստ Ենք Արսալի Մէջ Գործադրելու Կառավարութեան Կողմէ Տրուած Որեւէ Որոշում»

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժեմայէլը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.