Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աունի Քաղաքական Նախաձեռնութիւնը Ներկայացուեցաւ Ամալ Շարժումին

May 20, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-19-15_takattol_amalԱզգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները շարունակեցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջադրած քաղաքական նախաձեռնութիւնը ներկայացնել քաղաքական այլ խմբաւորումներու եւ անոնց հետ խորհրդակցութիւններ կատարել:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ երեսփոխաններ Նաժի Ղարիոս, Էմիլ Ռահմէ, Զիատ Ասուատ, Հիքմաթ Տիպ եւ Ապպաս Հաշեմ, երէկ այցելեցին խորհրդարան, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցան Ամալ շարժումի երեսփոխաններ Այուպ Հըմայէտի, Ալի Պեզզիի, Ապտել Մեժիտ Սալեհի, Ալի Խրէյսի եւ Հանի Քպայսիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ռահմէ յայտնեց, որ Ամալ շարժումի երեսփոխաններուն ներկայացուցին զօր. Աունի նախաձեռնութիւնը, որ հիմնուած է ազգային նպատակներու վրայ:

Ան ընդգծեց անկեղծ եւ սրտբաց խօսակցութեան ու քննարկումներուն կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա է Լիբանանը պահպանող միակ միջոցը:

Իր կարգին, Այուպ Հըմայէտ յայտնեց, որ զօր. Աունի նախաձեռնութիւնը դրական կը գնահատեն, որովհետեւ իրենք եւս մնայուն կերպով կը մտածեն Լիբանանը իր հարցերէն եւ տագնապներէն դուրս բերող ելքերուն մասին:

Հըմայէտ ընդգծեց երկրին քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային ուխտին կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը:

5-19-15_frenjie_takattolԵրեկոյեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ այլ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Էմիլ Ռահմէ, Նաժի Ղարիոս, Զիատ Ասուատ, Նեպիլ Նիքոլա եւ Ապպաս Հաշեմ, այցելեց Պնաշհի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ, ներկայութեամբ` Մարատա հոսանքի իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէի:

Հանդիպումէն ետք Նիքոլա յայտնեց, որ Ֆրենժիէի կատարած իրենց այցելութիւնը խորհրդակցական է եւ կը միտի զայն զօր. Աունի քաղաքական նախաձեռնութեան մթնոլորտին մէջ դնել:

Նիքոլա յայտնեց, որ Լիբանանը առանց գործակցութեան Լիբանան չէ` աւելցնելով, որ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի անորոշութիւն եւ անհրաժեշտ է լրջօրէն վարուիլ:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ իրենք ոչ մէկ կարիք ունին Ֆրենժիէն համոզելու, նկատի ունենալով, որ զօր. Աունի նախաձեռնութեան առնչութեամբ իրենց միջեւ կատարեալ փոխըմբռնում գոյութիւն ունի:

Նախորդը

Զօր. Աուն. «Կառավարութիւնը Պէտք Է Որոշէ Երկրին Հողերը Ազատագրել Զինեալներէն»

Յաջորդը

Միջազգային Դրամական Ֆոնտը Կը Յայտարարէ. Ռուսիոյ Տնտեսական Անկումին Պատճառով Պիտի Դանդաղի Յետխորհրդային 8 Երկիրներու, Ներառեալ` Հայաստանի Տնտեսական Աճը

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.