Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԵՒ ԱՍԻՈՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

August 10, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Ասիոյ քրիստոնեայ համաժողովի կազմակերպութեամբ «Խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն Ասիոյ մէջ» նիւթով խորհրդակցական ժողովը տեղի ունեցաւ 1-5 օգոստոս 2011-ին` Պանքոքի մէջ, Թայլանտ: Սոյն խորհրդաժողովին մասնակցեցան 22 երկիրներու քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները: Իրանէն հետեւեալ ժողովին մասնակցեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան` ներկայացնելով Իրանի հայ եկեղեցին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:

Խորհրդաժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ երեքշաբթի, 2 օգոստոս 2011-ին, Պանքոքի քրիստոնեայ համագումարներու կեդրոնատեղիին մէջ` 33 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Առաւօտեան  պաշտամունքէն եւ աստուածաշնչական սերտողութիւններէն ետք ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն: Իւրաքանչիւր երկրէ մէկ ժողովական ներկայացուց իր երկրի եկեղեցական կեանքը իր մարտահրաւէրներով, ձեռքբերումներով եւ մտահոգութիւններով: Սեպուհ սրբազան համագումարին ներկայացուց «Եկեղեցին Իրանի մէջ» նիւթով դասախօսութիւնը` անդրադառնալով, որ եկեղեցին, կամ քրիստոնեայ համայնքը իբրեւ փոքրամասնութիւն, օրէնքով պաշտպանուած է եւ կը վայելէ պետութեան հովանաւորութիւնը:    «Քրիստոնէութիւնը վաղուց մուտք գործած է Իրան», ըսաւ սրբազանը` նշելով եկեղեցւոյ եւ յատկապէս հայ եկեղեցւոյ դերը իրանեան հայրենիքին մէջ:

Երեք օրերու վրայ տարածուած ժողովական աշխատանքներուն հայ եկեղեցին իր գործնական եւ անմիջական մասնակցութիւնը բերաւ: Սեպուհ սրբազան մարդկային իրաւունքներու նիւթով զրոյցի շրջագիծին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան, ցեղասպանութեան անուղղակիօրէն շարունակման եւ արցախեան հիմնահարցի ու պաղեստինցի ժողովուրդի արդար պայքարին եւ իրաւունքներուն:

Իր եռօրեայ աշխատանքներուն աւարտին, խորհրդաժողովը յատուկ յայտարարութեամբ շեշտեց իր յանձնառութիւնը` շարունակելու իր աշխատանքը եկեղեցիներու եւ երկիրներու միջեւ մարդու իրաւունքներու եւ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղութեամբ:

Յայտնենք, որ Սեպուհ սրբազան յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսի հրաւիրեց Ասիոյ  եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը այցելելու Անթիլիաս եւ հանդիպում ունենալու վեհափառին հետ:

Ժողովական աշխատանքներու աւարտին Սեպուհ սրբազանը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս` Արթօ Յարութիւնեանին:

 

 

 

Նախորդը

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ԿԱՅՔԷՋԻ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԲԱԺԻՆԻ ՕԳՈՍՏՈՍԻ ՆՈՐ ՆԻՒԹԵՐԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.