Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Բարերար Կարպիս Նազարեանի Յիշատակին

May 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

5-16-15_Garbis-NazarianԱզգային բարերար Կարպիս Լեւոն Նազարեանի մահուան յիշատակին քանի մը տող գրելու պարտաւորութիւնը զգացի: Սրտաբուխ այս արտայայտութիւնը կը բխի անկեղծ տրամադրութենէ մը, զոր վաղուց ունեցած եմ ազնուական այս ընտանիքին նկատմամբ:

Ի ծնէ բարերար ընտանիքի մը մասին է մեր խօսքը: Բարերարութիւնը ինքնեկ, սրտաբուխ զգացողութիւն մըն է, որ շնորհուած է քիչերուն, անոնց, որոնց աջին տուածը ձախը չէ իմացած: Արժանիք մըն է այս: Ունինք բազմաթիւ մեծահարուստներ, որոնց մասին չենք կրնար նոյն տարողութեամբ արտայայտուիլ: Նազարեան գերդաստանը վաղուց զգացած է եւ հաւատացած «Տալը աւելի լաւ է քան առնելը» պատուիրանին:

Նազարեան ընտանիքի բարերարութիւնը սկսած է Լեւոն  Կ. Նազարեան մեծատունի հաւատքով: Այս մասին կարելի է բազմաթիւ օրինակներ տալ կատարուած իշխանական նուիրատուութիւններու: Ազգային բարերար Լեւոն Նազարեանի սկսած գործը շարունակուեցաւ Կարպիս Նազարեանով:

Ազնուասիրտ բարերարներուն մտահոգութիւնը եղած է ծաղկեցնել կրթական մարզը: Ամփոփ ծանօթագրութեամբ յիշենք «Լեւոն Նազարեան» վարժարանը, որ յիսնամեակէ մը ի վեր իր գոյութիւնը կը պահէ արժանաւորութեամբ:

Նազարեան ընտանիքը իրեն չվերապահեց միայն բախտին կամ կեանքին շնորհած նիւթական բարիքները, մտածեց կարիքաւոր աշակերտներուն մասին: Հոս եւս գործի անցած էր տալ բային գերագոյն խորհուրդը: ՀԲԸ Միութեան Լեւոն Նազարեան վարժարանը ցարդ կը կատարէ կրթական-դաստիարակչական իր գործը:

Հայրենասէր Նազարեան ընտանիքը իշխանական իր նուիրատուութիւնը կատարեց 1990-ական թուականներու սկիզբը, Լիբանանի մէջ կառուցելով նորանկախ Հայաստանի դեսպանատունը, Մեթնի բարձունքին, գեղակերտ եւ արժանաւոր մատուցմամբ, որ արժանացաւ ժողովրդային միաձայն խանդավառութեան:

Կառուցողական հոյակապ ներդրումներէն բացի, Նազարեան ընտանիքը հետամուտ եղաւ  կարիքաւոր աշակերտներու, համալսարանականներու կրթանպաստի յատկացումին:

Ազգային բարերար Կարպիս Նազարեան բացաւ նոր պատուհան մը ուրկէ դիտեց մեր գրողներուն հոգեվիճակը: Ան չուշացաւ ձեռք երկարելու Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք հայ գրողներու ստեղծագործական աշխատանքները արդիւնաւորելու յատուկ գրական ֆոնտով: Տասնեակներով հատորներ լոյս տեսած են Կարպիս Նազարեանի մեկենասութեամբ: Նոյնիսկ ինք կ՛առաջարկէր կարգ մը գրողներու իր պատրաստակամութիւնը` ստեղծագործութիւն մը լոյսին բերելու: Այս հոգածութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ իր կեանքին վախճանը:

Կարպիս Նազարեանի հետ պարբերաբար ունեցած եմ հեռաձայնային զրոյց: Ան կը գնահատէր իմ գրական գործունէութիւնը: Վերջին անգամ զինք մօտէն տեսայ տարի մը առաջ, «Շաղզոյեան» շէնքի մուտքին երբ աշխատանքէ դուրս կ՛ելլէի: Պրն. մը մօտենալով ինծի ըսաւ.

Վայրկեան մը կրնա՞ք սպասել, պրն. Նազարեանը ձեզի հետ պիտի խօսի:

Րոպէ մը ետք համազգայինի գրախանութէն դուրս ելլելով ինծի մօտեցաւ բարերար Նազարեան, ժպտուն բարեւեց ապա ձեռքը ուսիս դնելով որպիսութիւնս հարցուց: Իր խօսքին ան միացուց գնահատանք մը իմ գրական գործունէութեան եւ առաջարկեց եթէ ունէի հրատարելիք գիրք մը, ինք պատրաստ էր հովանաւորելու:

Ուզեցի պատասխանել իր առաջարկին ամիսներ ետք, բայց կարելի չեղաւ զրուցել իրեն հետ, որովհետեւ յոգնած էր…

Երբ կը գրեմ այս տողերը, զինք կը տեսնեմ իր ուրախ, բարի ժպիտով խոստում մը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ:

Կորսնցուցինք հաւատաւոր, հայրենասէր, գրասէր հայորդի մը, որ ամենայն հոգատարութեամբ ազգին բաշխեց սրտանց:

Հոգիիդ լոյս իջնէ Ազգային բարի բարերար:

 

 

Նախորդը

Ազգասէր Մարտիրոս Շիշէճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան Թրքական Որոշումին Իրաւաքաղաքական Շրջագիծը

RelatedPosts

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին
Անդրադարձ

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին

September 23, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Փաշինեան Չի Քաջալերեր Սփիւռքահայերը` Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալու

September 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.