Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգասէր Մարտիրոս Շիշէճեանի Յիշատակին

May 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-16-15_Mardiros-ShishedjianԱրդէն քառասուն օրեր անցած են այն օրէն, երբ հողին յանձնեցինք Հայաշէնի մեր շատ սիրելի զաւակ Մարտիրոս Շիշէճեանը:

Ան ծնած է Պէյրութի հայահոծ շրջաններէն Հայաշէնի մէջ 1937-ին, եղած է նահապետական ազնիւ ընտանիքի մը զաւակը:

Փոքր տարիքէն յաճախած է Հայաշէնի Ազգային Թորգոմեան վարժարան եւ հոն ստացած է իր նախնական ուսումը: Եղած է հնազանդ, բարի եւ օրինակելի աշակերտ մը:

Մաս կազմած է ՀՅԴ «Մուրատ» պատանեկան շարքերուն, ուր ստացած է գաղափարական եւ ազգային դաստիարակութիւնը: Հազիւ հասած երիտասարդական տարիքին, ան հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր ժրաջան աշխատանքով եւ պայքարով հիմնած է իր օճախը. ապա ան ծանօթացած է ամերիկահայ Ալիսին, որ եղած է իր կեանքի ընկերը: Միասնաբար կազմած են հայ ընտանիք մը Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Մարտիրոսը, որ ազգային դաստիարակութիւնը ստացած էր իր ծնողքէն, որոշած է ըլլալ ազգին ծառան, ուստի, երկար տարիներ եղած է Նիւ Եորքի հայկական եկեղեցւոյ աղքատախնամի անդամ եւ իբրեւ այդպիսին ծառայած է հաւատքով եւ նուիրումով:

Ան յաճախ, վերադարձած է Լիբանան, ուր իր եղբայրները եւ ծնողքը կ՛ապրէին, կարօտը առնելով անոնց եւ իր ծննդավայրին:

Ան ազնիւ էր ու հանդարտ կը սիրէր իր ընտանիքը եւ ազգականները, նուիրուած էր իր հարազատներուն, եղած էր օրինակելի հայր մը:

Սակայն այս անգամ վերջին վերադարձն էր Պէյրութ, հանդիպեցաւ իր ընտանիքին եւ հայաշէնցի ընկերներուն. ուրախ էր եւ խանդավառ, իր երազն էր հաստատուիլ Լիբանան, որպէսզի իր կեանքի վերջին տարիները ապրի հարազատներուն կողքին:

Սակայն մահը խլեց զայն Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի առաջնորդող ճամբուն վրայ: Ան աւանդեց իր հոգին Ս. եկեղեցւոյ մօտ: Ա՛յս էր տիրոջ փափաքը:

Այսօր հայաշէնցիք կորսնցուցած են արժէքաւոր ազգային մը:

Կ՛աղօթենք եւ կը խնդրենք Աստուծմէ, որ Մարտիրոսը արժանացնէ երկնքի արքայութեան եւ անոր յիշատակը յաւիտեան անմար պահէ մեր սրտերուն մէջ:

Նաեւ` անոր հարազատներուն եւ ընտանիքին պարգեւէ համբերութիւն եւ մխիթարութիւն:

ՍԳԱԿԻՑ ՀԱՅԱՇԷՆՑԻ ՄԸ

Նախորդը

Այս Անկիւնէն. Խօսք Շնորհաւորական Ու Դրուատական

Յաջորդը

Ազգային Բարերար Կարպիս Նազարեանի Յիշատակին

RelatedPosts

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին
Անդրադարձ

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին

September 23, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Փաշինեան Չի Քաջալերեր Սփիւռքահայերը` Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալու

September 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.