Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժըպրան Պասիլ Ընդունեց Հէյլը

May 13, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-12-15_basil_haleԱրտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Իր կարգին, Հէյլ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք ոչ ոքի կանաչ լոյս տուած են Սուրիոյ պատերազմին մասնակցելու` աւելցնելով, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ կառավարութեան որդեգրած չէզոք քաղաքականութեան, որ կ՛երաշխաւորէ երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Հէյլ շեշտեց, որ Ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է, որ Լիբանանին եւ շրջանին վտանգ կը սպառնայ` դիտել տալով, որ սուրիական պատերազմին Հըզպալլայի միջամտութիւնը Լիբանանը ահաբեկչութեան թիրախ դարձուցած է:

«ՏԱՀԵՇ Լիբանանին վտանգ չէր սպառնար, այնքան ատեն որ Հըզպալլա Սուրիոյ պատերազմին միջամուխ չէր», ըսաւ Հէյլ:

Ան մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ պատերազմին կատարուող արտաքին միջամտութիւններէն` աւելցնելով, որ անմիտ կարելի է նկատել այն ամբաստանութիւնը, թէ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին ՏԱՀԵՇ-ի: «Մենք յանձնառու ենք ՏԱՀԵՇ-ին դէմ կռուելու եւ անոր յաղթելու», շեշտեց ան:

Հէյլ յայտնեց նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական լուծումի կարելի չէ յանգիլ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը քաղաքական է, իսկ նախագահ Պաշշար Ասատ այդ լուծման մաս չի կրնար կազմել:

Պասիլ ընդունեց նաեւ Աւստրալիոյ դեսպան Կլեն Մայլզը, որ շեշտեց, թէ իրենք լաւ գիտեն Լիբանանի կողմէ սուրիացի գաղթականներուն բեռը ստանձնելու ծանր աշխատանքին տարողութիւնը եւ կը փորձեն զօրակցիլ անոր:

Միւս կողմէ, անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, Պասիլի հասած են այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ Վատիկան պիտի զօրակցի նախագահական այն թեկնածուին, որուն շուրջ Լիբանանի քրիստոնեաները համաձայն կը գտնուին:

 

 

Նախորդը

Սալամ Քելիի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Գաղթականներուն Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Տնտեսական Բարգաւաճման Քուէյթեան Սնտուկի Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.