Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դասական Երաժշտութեան Համերգ` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

May 6, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-05-15_aub-1Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին գործակցութեամբ երեքշաբթի, 5 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ կազմակերպած էր դասական երաժշտութեան համերգ, նուիրուած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Ձեռնարկը սկսաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ժապաւէնի մը ներկայացումով, որուն մէջ օտար գրողներ, խմբագիրներ, դասախօսներ ու մասնագէտներ իրենց վկայութիւնը կու տան 20-րդ դարուն իրագործուած առաջին ցեղասպանութեան մասին:

Ապա ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայերգները:

Ներսէս Պաղտոյեան
Ներսէս Պաղտոյեան
Աշոտ Քոչարեան
Աշոտ Քոչարեան

Ներսէս Պաղտոյեան խօսք առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անունով : Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նուիրուած այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութեան համար: Ան նշեց նաեւ, որ 100-ամեակը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ պիտի ըլլայ անկիւնադարձային թուական մը, որովհետեւ շատ երկիրներ ու կազմակերպութիւններ ճանչցան ու զօրակցեցան հայ ժողովուրդին, որ ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց նաեւ վերջերս Գերմանիոյ արտայայտած դիրքորոշումը ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան Շնորհակալութիւն յայտնեց Կեդրոնական մարմինին եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր երաժիշտներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին համերգին:

Ան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը ունի հարուստ մշակոյթ ու պատմութիւն եւ միշտ հպարտ է իր երաժիշտներով, արուեստագէտներով, որոնք կը ստեղծագործեն ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ:

Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Լիբանանի խորհրդարանին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար եւ նաեւ բոլոր երկիրներուն, որոնք ճանչցած են ցեղասպանութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք կը զօրակցին հայ ժողովուրդին, ապա եզրափակեց խօսքը ըսելով, թէ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման առիթով կը վերահաստատէ իր կամքը եւ վճռակամութիւնը ապրելու եւ յաւիտեան ստեղծագործելու:

5-05--15_aub-7

5-05--15_aub-5Գայեանէ Սարգիսեան (սոփրանօ) մեներգեց «Նոր Ծաղիկ»` երգեհոնի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Արմէն Քեչեքի, ինչպէս նաեւ կատարեց Կոմիտասի «Կռունկ» եւ «Հով առէք» երգերը: Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան դաշնակով նուագեց Կոմիտասի նուիրուած կտոր մը: Զարեհ Չերոյեան ջութակով եւ Լիանա Յարութիւնեան դաշնակով ներկայացուցին Ա. Խաչատուրեանի «Բանաստեղծութեան երգ»-ը: Էտի Դորլեան, Մկրտիչ Միքայէլեան կիթառով  եւ Հրաչ Իսահակեան ֆլիւթով ներկայացուցին Սայաթ Նովայի «Իս քու Ղիմեթըն չիմ գիտի», եւ Արամ Խաչատուրեանի «Սուրերու պար»-ը եւ «Քամանչա»-ն:

Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեան դաշնակով ներկայացուց Կոմիտասի «Գարուն ա» եւ «Հոյ նազան» կտորները:

Հրաչ Իսահակեան ֆլիւթով եւ Արմէն Քեչեք դաշնակով ներկայացուցին Արամ Խաչատուրեանի «Գայեանէ» պալէէն «Լեզկինկա» կտորը, ապա Սուզանա Քեչեք դաշնակով ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանի «Թոքաթթա» կտորը:

Զաքար Քէշիշեան շուիով եւ Կամիլա Քէշիշեան դաշնակով ներկայացուցին Խ. Աւետիսեանի «Փոսթորալ» եւ Մ. Բեգլարեանի «Լեռնականներուն պարը» կտորները:

Բ. կանաչեանի «Օրօր» կտորը կիթառով ներկայացուցին Մկրտիչ Միքայէլեան, ջութակով` Պորիս Միրզոյեան եւ Սերկէյ Տայեան, իսկ թաւջութակով` Աւետիս Կէօքճեան, վիոլայով` Հայկ Տէր Յովհաննիսեան:

Մ. Աշճեանի «Ընդհատուած թանկօ» կտորը ներկայացուցին տուտուկով` Զաքար Քէշիշեան, Դաշնակով` Միքայէլ Աշճեան, ջութակով` Պորիս Միրզոյեան եւ թաւջութակով` Աւետիս Կէօքճեան:

Կոմիտասի «Չինարի ես», «Ալայլուղս» «Աղջիկներու պարը» եւ «Քէլէ-քէլէ» կտորները ներկայացուցին Պորիս Միրզոյեան, Սերկէյ Տայեան, Հայկ Տէր Յովհաննիսեան եւ Աւետիս Կէօքճեան:

Համերգը աւարտեցաւ Ա. Պապաջանեանի ե Ա. Յարութիւնեանի «Արմինիըն Ռափսոտի» կտորով, զոր դաշնակով նուագեցին Արմէն Քեչեք եւ Սուզան Քեչեք:

 

 

 

Նախորդը

Սին Էլ Ֆիլի Մէջ . Հոգեհանգիստ Եւ Մոմավառութիւն` Եուսեֆ Քհնյ. Հայէքի Նահատակութեան 100-Ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.