Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բեթանիա-Քրիստոնեայ Հանդիպումը Կոչ Կ՛ուղղէ Մասնակցելու ՀՅԴ-ի, Ասորիներու Լիկայի Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Կազմակերպած Ձեռնարկին

May 5, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բեթանիա-Քրիստոնեայ հանդիպումը երէկ Ուղղափառ հանդիպումին կեդրոնին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող հարցերուն հաւանական լուծումներուն կարելիութիւնը:

Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ հանդիպումը լուսարձակի տակ առած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան, ասորիներու Ցեղասպանութեան (Սէյֆոյի) եւ լիբանանցիները սովի ենթարկելու 100-ամեակը:

«Բեթանիա-Քրիստոնեայ հանդիպումը կը հաստատէ, որ պատմութեան ընթացքին դահիճը պէտք է ճանչնայ իր յանցանքը, ներում հայցէ եւ հատուցէ: Կը դատապարտենք Արեւելքի մէջ այս օրերուն կրկնուող պատմութիւնը, որուն ընթացքին քրիստոնեաները թիրախ կը դառնան հաւատադրժողական կազմակերպութիւններուն բռնարարքներուն եւ սպանդներուն:

Կը դրուատենք Ուղղափառ հանդիպումին եւ Ասորիներու լիկային կողմէ Եուհաննա Իպրահիմ եւ Պուլոս Եազիժի եպիսկոպոսներուն առեւանգման Բ. յիշատակին նուիրուած հաւաքը, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղենք մասնակցելու ՀՅԴ-ի, Ասորիներու լիկային եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպած ոգեկոչումի ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` չորեքշաբթի, 6 մայիսին, «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Խապուրի շրջանէն առեւանգուած 230 ասորիի ճակատագիրը տակաւին կը մնայ անյայտ:

Նշենք, որ Քրիստոնեայ հանդիպումը կոչ ուղղեց նաեւ ընտրելու հանրապետութեան նախագահը եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեամբ լուծելու երկրին եւ քաղաքացիներուն հարցերը:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ քրիստոնեաներուն կողմէ իմաստուն վարուելու եւ իրենց իրաւունքներուն ու հողերուն կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը

Նախորդը

Մաշնուք. «Ապահովական Կառոյցները Կը Հետապնդեն Դեսպան Ասիրին Սպանութեան Թիրախ Դարձնելու Հարցը»

Յաջորդը

Մուսթաքպալ-Հըզպալլա Երկխօսութեան 11-րդ Նիստ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.