Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՅՈՒՆԱՀԱՅ ՎԵՐԱՊՐՈՂԻ ՄԸ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

August 9, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան կենդանի վկայ,  վերապրող Բաբգէն Գասպարեանի վկայութիւնը «Հանգուցեալ մայրս սարսափով կը պատմէր, որ գիշեր մը եկան… հայրս, մեծ հայրս, հօրեղբայրներս, բոլորը հաւաքեցին եւ կախաղան առաջնորդեցին»:

Այս խօսքերով կը սկսի իր պատմութիւնը պատմել Աթէնքի արուարձաններէն Փանիոնիոս շրջանին մէջ բնակող Բաբգէն Գասպարեանը:

Մանկական տարիներու իր յիշողութիւնները գլխաւորաբար կը կեդրոնանայ իր մօր պատմութիւններուն վրայ, մինչեւ որ չորս տարեկան հասակին Ատանա կը հասնին ընտանեօք, ուր ալ կը սկսին իր սեփական յուշերը:

«1915-ին հաւաքեցին բոլոր հայերը եւ ցեղասպանութեան ենթարկեցին: Մայրս կը պատմէր, թէ ճամբաները լեցուած էին դիակներով, կը բռնաբարէին, կիրճերէն վար կը նետէին մարդիկը: Ո՛չ անուանաքար կար, ո՛չ ալ գլխաքար, որ կը նշէր անոնց հաւաքական գերեզմանը: Սարսափելի տարիներ էին», կ՛ըսէ ան եւ կենդանի իր նկարագրականով Հայոց ցեղասպանութեան սեփական իր վկայութիւնը կու տայ:

«Ես երկու տարեկան էի, մայրս յղի էր քրոջս. երկու օր պայմանաժամ տուին մեզի, որպէսզի ծննդաբերէ: Այսպէս եղաւ, որ խումբով չմեկնեցանք: Անկէ ետք մեզի արտօնեցին, որ Մերսինէն մեկնելով` անցնինք Ատանա:

Մենք Կեսարիա կ՛ապրէինք, երբ խումբով մեկնեցան բոլորը. քիչ յետոյ մենք ալ Ատանա գացինք: Կը յիշեմ Ատանայի մէջ մեր կեանքը: Հոն չորս տարեկան էի: Պազար կար, ճամբաները կ՛ելլէինք, կը խաղայինք: Այն ատեն էր, որ դարձեալ ջարդերը սկսան: Հոն ապրեցանք որոշ ժամանակ. ես փոքր էի, բայց կը յիշեմ մեր դիմադրութիւնը, որքան եւ ուր որ կարելի էր»:

Բաբգէնը սուր յիշողութեան տէր, քաղցր ժպիտով  ծերունի մըն է, որ զգայացունց պատկերներով կը ներկայացնէ իր սեփական կեանքին հանգրուանները, երբեմն առջեւ-ետեւ երթալով իր պատմուածքին մէջ, երբեմն ալ իր կնոջ` Մարիային օգնութեան եւ կարծիքին դիմելով, երբ հարց կու տանք իրենց կեանքի ներկայ պայմաններուն մասին: Ան ցաւ կը յայտնէ, որ լուսանկարներ չի տրամադրեր իրենց ընտանեկան կեանքէն, «այն ժամանակ ո՞վ դրամ ունէր այդպիսի բաներու համար…»:

«Թուրքիան դաշնակից էր Գերմանիոյ հետ: Շատ էին հնարաւորութիւնները վաճառականութեամբ զբաղող մարդոց համար: Մեր ընտանիքը եւս վաճառականներէ կը բաղկանար. բոլորը միասին կ՛ապրէին.  երբ մայրս ամուսնացաւ հօրս հետ, 12 հոգի միասին կ՛ապրէին նոյն տան մէջ», կ՛ըսէ ու զարմանք կը յայտնէ կեանքի փոխուած պայմաններուն մասին: «Դժբախտաբար հիմա մեր ամէնօրեայ յարաբերութիւնը խախտած է: Շաբաթներ եւ ամիսներ կ՛անցնին, մինչեւ որ իրարու հանդիպինք…», կ՛ըսէ ան:

«Ատանայի մէջ մօրեղբայրս ֆրանսական բանակի բարձրաստիճան սպայ էր, անունը` Չիչեքեան: Ան փորձեց մեզ բոլորս պատսպարել,  երբ Ատանայի մէջ հետապնդումները եւ ջարդերը սկսան:

Թրքական բանակը սկսաւ զօրանալ, հետզհետէ կը ճնշէին մեզ: Գիշեր մը մօրեղբայրս եկաւ զինուորական կառքերով, մեզ հաւաքեց. ապրանքները վերցուցինք, մեզի հետ տարինք: Իր քով մնացինք: Երբ Ատանայի մէջ սկսան ջարդերը սաստկանալ, Զմիւռնիա գացինք, ուր ապրեցանք մինչեւ 1923-ի Զմիւռնիայի հրդեհումը եւ աւերը»:

«Չորս քոյր-եղբայր էինք եւ բոլորս հոն ծնանք: Երկու մեծ եղբարներս Քորտելիոյի ամերիկեան դպրոցը կը յաճախէին: Երբ բռնութիւնները սկսան, մայրս մեկնեցաւ Քորտելիօ զիրենք մեր մօտ բերելու համար: Բայց պատասխանատուները իրեն յանձնարարեցին,  որ հոն ձգէ երկու տղաքը` վստահեցնելով, որ աւելի ապահով էր դպրոցը: Մայրս ձգեց: Ետ եկաւ: Այդ օրերուն, երբ ամէն մարդ փախուստի միջոց կը փնտռէր, նաւահանգիստ կ՛իջնէր  եւ նաւ բարձրանալ կը փորձէր, բոլորս մէկ եղանք, իրարու հետ քով-քովի փրկութեան ելք փնտռեցինք», ցաւով կը յիշէ Բաբգէնը:

«Երբ Փիրէա հասանք, մեզ տարին Այ Տիոնիսիի շրջանը, Փիրէայի նաւահանգիստին վերեւ գտնուող բլուր մը: Վրաններ լարեցին եւ ամիսներով հոն մնացինք, Փիրէայի գերեզմանատան ճիշդ քովը: Մինչեւ հիմա կը յիշեմ, որ երեք օր շարունակ գերեզմանատան մէջ քնացանք: Յետոյ բանակին պատկանող պահեստանոցներու մէջ մտանք, իւրաքանչիւրս` մէկական ծածկոցով: Հիւանդութիւններու պատճառով օրական 30-40 մարդ կը մահանար: Փոքրիկներ, երեխաներ: Բայց մենք այն ժամանակ պատանի էինք, ջուրերուն մէջ կոխկռտելով կ՛ուրախանայինք: Բոլորս թրքախօս էինք, կամաց-կամաց փորձեցինք քիչ մը յունարէն սորվիլ: Առտուընէ մինչեւ գիշեր ճամբաները կը պտտէինք, յետոյ երբ քիչ մը մեծցանք, սկսանք աշխատիլ: Ես կուտ կը ծախէի: Մեծ եղբայրս ալ Ֆրանսա մեկնեցաւ ետքը: Յոյները արդէն պատերազմը կորսնցուցած էին: Դժուարաւ իրենց երկիրը կը կառավարէին, հսկայական թիւերով աղքատ գաղթականութիւնը  կը փորձէին տեղաւորել: Որոշ ժամանակ ետք լսեցինք, որ պետութիւնը տուներ պիտի տրամադրէ Քոքինիոյ մէջ: Մեզի փոքրիկ սենեակ մը տուին: Մօրս երկրորդ եղբայրը 1916-էն ի վեր Աթէնք հասած էր, փախստական: Պետութիւնը Ամարուշի մէջ հիւղակներ տրամադրած էր գաղթական եկած ժողովուրդին: Եկաւ, մեզ գտաւ եւ իր քովը տարաւ: Հետզհետէ երկրորդ եղբօրս հետ ընկերութեան մը մօտ գործ գտանք: Ամուսնացանք, զաւակներ ունեցանք: 1964-էն ետք «Գարակէօզեան»ի կառուցած շէնքերուն մէջ հաստատուեցանք Փանիոնիոսի շրջանին մէջ», իր պատմութիւնը կ՛ամբողջացնէ Բաբգէնը:

Հայոց ցեղասպանութենէն գրեթէ դար մը անցած ներկայ ժամանակներուս, այլեւս թիւով շատ քիչ վերապրող վկաները կը շարունակեն կենդանի ամուր փաստը ըլլալ Թուրքիոյ կողմէ 20-րդ դարու մէջ գործուած Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրին:

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Նախորդը

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՒՂԵՂԻՆ ՏԱՐԻՔԻ ԲԵՐՄԱՄԲ ԿԾԿՈՒԻԼԸ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ Է ՄԻԱՅՆ ՄԱՐԴՈՑ

Յաջորդը

ՄԵՐ ՈՒՇԱՑԱԾ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՈՎ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.