Երեքշաբթի, 21 ապրիլին Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի ուսանողներ, երկրորդ տարին ըլլալով, անակնկալի եկան իրենց բաժնուած ձրի ջուրի շիշերով: Համալսարանի «Լիբանանեան հայկական ակումբ»-ը առաւօտեան խճողուած ժամերուն ուսանողութեան եւ ուսուցիչներու բաժնեց 1000 ջուրի շիշեր, որոնք կը կրէին «Ջուրը իրաւունքդ է, նոյնպէս` ապրիլը» անգլերէն նախադասութիւն եւ կ՛անդրադառնային Հայոց ցեղասպանութեան: Նաեւ տրամադրելի էին A եւ G տառերու դաջուածքները, եւ շատ մը ոչ հայ ուսանողներ տեղւոյն վրայ միացան #AG արշաւին:
Այս նախաձեռնութիւնը ստեղծեց իւրայատուկ խանդավառութիւն եւ հետաքրքրութիւն Էյ.Եու.Պի.ի ուսանողութեան մէջ:


