Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արդարութեան Ծուխ… Վատիկանէն

April 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

p1-vat-new3«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը յիշելը պարտադիր է, որովհետեւ ուր յիշատակ չկայ, այնտեղ չարիքը դեռ բաց կը պահէ վէրքը: Ծածկել յանցանքը` կը նշանակէ ձգել, որ վէրքը արիւնահոսի»:

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊ
Վատիկան

12 ապրիլ 2015

Այս անգամ նորընտիր պապի մը լուրը աւետող սպիտակ ծուխը չէր, որ կը ծածկէր Վատիկանը, այլ` թափանցիկ… արդարութեան ծուխը:

Ի վերջոյ, այդ թափանցիկ ծուխն ալ ընտրութեան մը հետ կապ ունէր եւ ապրիլ 12-ին Ֆրանչիսկոս պապը որոշած էր այլընտրանք մը: Ան լուսարձակի տակ առած եւ արծարծած էր շարունակ ծածկուած ու մէկդի դրուած նիւթ մը… ահաւոր նիւթ մը` ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Եւ ամենայն արդարամտութեամբ, ողջմտութեամբ եւ տրամաբանութեամբ, ան մատը դրաւ վէրքին վրայ: Անոր համար կարելի չէր սպի կոչել վէրք մը, որուն դարմանը դժբախտաբար դեռ չէ կատարուած, եւ այդ` անարդարութեան արդիւնք, ցայսօր ցեղասպանութիւնները կը շարունակուին աշխարհի զանազան շրջաններէն ներս:

Յստակ էր պապին պատգամը:

Իսկ արեւմտեանի լծակի վերածուած կարգ մը լրատուամիջոցներու վերլուծումներն ու հարցադրումները, թէ արդե՞օք Վատիկան ներողութիւն պիտի խնդրէ, յատուկ պատգամով մը, կը յիշեցնեն նոյնինքն պապի նշած անցեալ դարաշրջանի այլ ողբերգութիւններէն` նացիական եւ համայնավարական կարգավիճակներու հակաքարոզչական անհիմն եւ անհեթեթ գործելաձեւը:

Պապին հրովարտակը յստակ էր:

Նոյնքան անտեղի պիտի ըլլայ գործի լծուիլ եւ հակազդել յատկապէս Անգարայէն կատարուած արձագանգներուն եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մամուլի ժխտական կեցուածքին:

Արդարեւ, դեռ անցեալ տարի անցեալ պապին Թուրքիա կատարած բարեկամական այցելութենէն ետք, այս յայտարարութիւնն ու դիրքորոշումը մեծ անակնկալ եղած է Անգարայի համար:

Խորանէն արտասանուած տպաւորիչ խօսքերը պիտի ձգեն իրենց արձագանգն ու հետքը:

Բիւրաւոր մարդիկ վայելեցին այդ եզակի օրը` ականջալուր ըլլալով օրուան պատարագին:

Ներկայ էր հայութեան ընտրանին` կրօնական ու քաղաքական ղեկավարներէն մինչեւ պարզ հայորդին:

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին ալ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուեցաւ: Հնչեց հայերէն պատարագն ու մեսրոպաշունչ լեզուն:

Հայածէս էր այդ օր Վատիկանը… հայահոծ, նաե՛ւ հայախօս:

4 ապրիլ 2015

Նախորդը

Խմբագրական «Դրօշակ»-ի Ո՞ւմ Են Պատկանում Դափնիները

Յաջորդը

Մտորումներ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. Յաջորդող Ամեակներու Անխուսափելի Ճանապարհը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.