Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄՏԱԾԵԼ ՂԵԿԱՎԱՐՄԱՆ ԵՒ «ԱՈՒԴԻՏ»ի ՄԱՍԻՆ

March 14, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ), ծրագրային եւ հեռանկարային ղեկավարութեան եւ հեղինակաւոր ու վստահութիւն ներշնչող ղեկավարման լուրջ խնդիր ունի ազգը: Ազգը` որպէս հայրենաբնակ հաւաքականութիւն եւ ազգը` որպէս մոլորակի վրայ տարտղնուած եւ տեւաբար տարտղնուող հաւաքականութիւն: Այս բարդ հարցով հետաքրքրութիւն կայ թերեւս, բայց թէ` ինչպէ՞ս: Եթէ յանդգնութիւն ունենանք, առանց կողմնապաշտութեան եւ սեփական դիրքերու պաշտպանութէնէ կամ արդարացումէ մեկնելով խորհրդածելու, ոչ իսկ քննելու պարզուող պատկերները, կը համեստանանք, եւ մենք մեզ կը գտնենք լուրջ հարցականներու առջեւ:

Երկրի եւ համայնքի կեանքի մէջ երբ կը գործենք, սովորութիւն չունինք պատմութիւն, անցեալ եւ ներկայ իրադարձութիւնները տեսնելու: Տեսնելու համար պէտք է նաեւ գիտնալ: Օրինակ, դեռ նոր իշխանութեան վրայ յաւերժանալ ուզող նախագահ մը եւս անփառունակ կերպով փախաւ իր երկրէն` քանդելով անփոխարինելութեան առասպելը: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ նախարար մը կը հրաժարի կամ կը պաշտօնազրկուի եւ կը փոխարինուի իր պատկանած կուսակցութեան այլ մէկ անդամով, կարծէք կուսակցական աւատապետութիւն ըլլար երկիրը եւ տուեալ կուսակցութիւնը` աթոռատէր: Այս կարգի երեւոյթներ պէտք չէ դիտուին որպէս սոսկ լուր, այլ որպէս` կենսափորձ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրի ուղին կը լուսաւորէ, կրնայ լուսաւորել:

Ֆրանսայի մէջ, երբ խորհրդարանական մեծամասնութիւն եւ անկէ բխող իշխանութիւն կը փոխուին, չէզոք եւ մասնագիտական ընկերութիւններ հաշուեքննութիւն կ’ընեն, հակառակ անոր որ երկիրը ունի իր մնայուն եւ հզօր հսկող Հաշուեքննական պալատը (Cour des comptes): Այս քննութիւնը կը կոչուի audit, Հայաստան տառադարձութեամբ այդ կոչած են «աուդիտ»: Այդ «աուդիտ»ը ընել բազմիցս խոստացան: Հողատարածքներու եւ գործարաններու սեփականաշնորհման հարցերով «աուդիտ» չեղաւ: Վերանկախացումէն ետք կրկին եւ կրկին յայտարարուեցաւ, որ փտախտի դէմ, ինչպէս կ՛ըսուի` «կոռուպցիա»ի դէմ, պայքար պիտի մղուի: Ո՞ւր է այդ պայքարը, որ պիտի դիմակազերծէր վայրագ հարստացումները, որոնք պատճառ են ժողովուրդի թշուառացման եւ անհաւասարութիւններու: Նոյնիսկ յուզուելու պատրաստ «հայասէր-հայրենասէր» զբօսաշրջիկը կը տեսնէ այս երեւոյթները, բայց ան չէ, որ վերականգնում պիտի իրականացնէ: Առանց արմատական դիմակազերծման` իսկական ղեկավարումը խաբկանք է:

Զարգացած երկիրներու մէջ յատուկ սպասարկութիւններ քննչական լայն իրաւասութիւններով եւ անկախութեամբ կը գործեն, կը հետապնդեն, պետութիւնը գողցողները դատարան կը յանձնուին, քանի որ աւազակութիւններով հարստացումները կը կատարուին ի հեճուկս ժողովուրդին եւ ազգային հարստութեան: Այս է ուղին վստահութեան վերականգնումի:

Վերականգնումի համար կ’ունենա՞նք անկաշառ եւ իրապէս քաջ իշխանութիւն մը, նաեւ` անբասիր ընդդիմութիւն, որ իր կարգին փտախտէ չտառապի, որ հասարակութեան բոլոր մակարդակներուն ձեռնարկեն «աուդիտ»ի, սկսելով վերանկախացման առաջին օրերէն, հետապնդումներ կատարել ամերիկացի «ֆետերըլ ճաճ»ի` դատաւորի անսահմանափակ իրաւասութիւններով: Խորհրդային հաւասարութեան եւ ոչ հարստութեան ինչպէ՞ս յաջորդեցին միլիոններով հարստութիւնները, կալուածատիրութիւնը, ապարանքները:

Անաշխատ հարստացումները մէկ ձեւով միայն կրնան իրականանալ:

Հայաստանեան թերթերու ընթերցումը վհատեցնող է` ինչ կը վերաբերի երկրի եւ ազգի ապագային: Վարժուած էինք, որ դրամական խաղքութիւններ եւ գայթակղութիւններ հրապարակուին աշխարհականներու մասին:  Մամուլը այլեւս չի վարանիր յարձակումներու թիրախ դարձնել բարոյական հեղինակութիւնները, ինչպէս` եկեղեցին եւ անոր աւագները: Հայաստանեայց եկեղեցիի եւ անոր պետի վարկն ու հեղինակութիւնը վերականգնելու համար հոն եւս թափանցիկ «աուդիտ» պէտք է ընել: Կա՛մ մամուլը գայթակղութիւններ կը փնտռէ, երբ կը գրէ, թէ «եպիսկոպոսները թաքսի կ’աշխատցնեն», հետեւաբար դատարանը պէտք է վճռէ, կա՛մ ըսուածը ճիշդ է եւ համապատասխան միջոցներու պէտք է դիմել:

«Աուդիտ» պէտք է ընել նաեւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող նախաձեռնութիւններու հարցերով` ճշդելու համար պատասխանատուութիւնները: Ազգային ո՞ր ըմբռնումներու հպատակելով Հայաստանի մէջ գրասենեակ կը հաստատուի «միգրացիա»` արտագաղթ կազմակերպելու համար: Ի՞նչ բանի պիտի ծառայէ զոհողութիւններ պահանջել ճանապարհ կամ կամուրջ շինելու համար, եթէ հայրենաբնակի երկրէն հեռացումը պիտի կազմակերպուի հրապարակաւ…

«Աուդիտ»ները ընել առանց որսի եւ մամուլի կողմէ հասցէագրուած թունաւոր նետերու:

Ի հարկէ, դուրսէն դիտողի անզօրութիւնը պէտք է ընդունիլ` յուսալով, որ…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

6 մարտ 2011

Նախորդը

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ` ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՇԱՄԼԵԱՆ-ԹԱԹԻԿԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ «ՍԻՓԱՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Յաջորդը

ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ Է, ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՉԷ…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.