Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Դեսպանին Ետ Կանչը Լայնօրէն Տարածեց Հռոմի Պապին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հաստատումը

April 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

pope-francis-armenian-genocide-e1428844591822Հաշուի առնելով Ֆրանչիսկոս պապին անկեղծութիւնը` զարմանալի չէր, որ ան բացայայտօրէն ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, ապրիլ 12-ին մատուցած պատարագին ժամանակ:

Միակ մարդը, որ լրիւ անտեղեակ էր պապի իրական մտադրութիւններուն մասին, Վատիկանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Մեհմետ Փաչաճին էր, որ երկու շաբաթ առաջ յոխորտալով հաղորդած էր թրքական մամուլին, թէ ինք համոզած է Հռոմի պապը` մերժել Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով բոլոր հայկական խնդրանքները:

Թուրք դեսպանը յայտարարեց, թէ ինք յաջողած էր.

– Չեղեալ համարել Հռոմի պապին այցը Երեւան, ապրիլ 24-ին.

– Համոզել պապը ապրիլ 24-ին պատարագ չմատուցել Վատիկանի մէջ.

– Ջնջել «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերը պապի ուղերձէն, Վատիկանի մէջ, ապրիլ 12-ին մատուցուող պատարագին ժամանակ:

Թրքական եւ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները դեսպան Փաչաճիին պնդումները ներկայացուցին իբրեւ մեծ յաղթանակ թրքական դիւանագիտութեան եւ ջախջախիչ պարտութիւն` հայերու համար:

Դեսպան Փաչաճիի կեղծ պնդումները պարզապէս նախատեսուած էին Անգարայի մէջ իր վերադասին առջեւ իր «լաւ աշխատանք»-ին մասին տպաւորութիւն ստեղծելու համար: Ճշմարտութիւնը այն է, որ Հռոմի պապը ո՛չ նախատեսած էր այցելել Երեւան, ապրիլ 24-ին, ո՛չ ալ այդ օրը պատարագ մատուցել Վատիկանի մէջ: Թուրքիոյ դեսպանին երրորդ պնդումը, թէ պապը իր ապրիլ 12-ի ուղերձին մէջ չ՛օգտագործեր «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը, այլ միայն «աղօթքներ պիտի բարձրացնէ բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին 1915-ի ողբերգական իրադարձութիւններուն ժամանակ», կեղծ դուրս եկաւ:

Հակառակ դեսպան Փաչաճիի իսկական եւ երեւակայական ճնշումներուն` Հռոմի պապը բացայայտ եւ երկարաշունչ յիշատակում ըրաւ Հայոց ցեղասպանութեան ապրիլ 12-ին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, որ տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի հեռատեսիլներով, ձայնասփիւռներով, թերթերով եւ համացանցով: Պատարագին

ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Արամ Ա. կաթողիկոս, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք Ներսէս Պետրոս 19-րդ եւ հազարաւոր հաւատացեալներ` տասնեակ երկիրներէ:

Ահա` որոշ հատուածներ Հռոմի պապի ուղերձէն.

«Անցեալ դարուն մարդկային մեր ընտանիքը վերապրած է զանգուածային եւ աննախադէպ երեք ողբերգութիւն: Անոնցմէ առաջինը, որ լայնօրէն յայտնի է իբրեւ «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն», խոցեց ձեր հայ ժողովուրդը` առաջին քրիստոնեայ ազգը, ինչպէս նաեւ կաթոլիկ եւ ուղղափառ սուրիացիները, ասորիները, քաղդէացիները եւ յոյները: Այդ սպանդին զոհ գացին եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ, հաւատացեալ կիներ եւ տղամարդիկ, ծերեր եւ նոյնիսկ անպաշտպան փոքրիկներ ու հիւանդներ: Միւս երկու ողբերգութիւնները իրականացած են նացիզմի եւ ստալինիզմի կողմէն: Եւ, բոլորովին վերջերս, տեղի ունեցան այլ զանգուածային սպանութիւններ, ինչպէս, օրինակ, Քամպոտիոյ, Ռուանտայի, Պուրունտիի եւ Պոսնիոյ մէջ: Կը թուի, թէ մարդկութիւնը անկարող է վերջ դնել անմեղ արեան թափուելուն®. Սիրելի՛ հայ քրիստոնեաներ, այսօր ցաւով լեցուած մեր սիրտերը միաժամանակ յուսառատ են Աստուծոյ յարութեամբ, եւ մենք այսօր կ՛ոգեկոչենք այդ ողբերգական իրադարձութեան, այդ անսահման ու անիմաստ կոտորածի 100-րդ տարելիցը, որուն դաժանութիւնը ձեր նախնիները ստիպուած եղան կրել: Անհրաժեշտ է, եւ յիրաւի մեր պարտքն է յարգել անոնց յիշատակը, քանի որ երբ յիշողութիւնը կը մարի, կը նշանակէ, որ չարը թոյլ կու տայ, որ այդ վէրքերը բորբոքին: Չարիքը թաքցնելը կամ զայն ժխտելը նոյնն է` թոյլ տալ, որ վէրքը արիւնահոսի առանց զայն վիրակապելու»:

Արժանթինի մէջ իբրեւ կարտինալ Ֆրանչիսկոս պապը բազմիցս խօսած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ երեք յիշատակում ներառած այդ հարցով իր «Երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ» (2010 թ.) գիրքին մէջ: 3 յունիս 2013-ին, շատ չանցած իր ընտրութենէն, Ֆրանչիսկոս պապը Հայոց ցեղասպանութիւնը բնութագրեց իբրեւ «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն»:

Վատիկանը հայերու զանգուածային սպանութիւններուն առաջին անգամ անդրադարձած էր 1915 թ. սեպտեմբեր 10-ին, երբ Պենետիկտոս 15-րդ պապը նամակով դիմած էր սուլթան Մեհմետ 5-րդին` պահանջելով դադրեցնել անմեղ հայերու ջարդերը: Երկու անգամ` 2000 թ. նոյեմբեր 9-ին եւ 2001 թ. սեպտեմբեր 27-ին, Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, հանդէս եկան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող համատեղ յայտարարութիւններով:

Զարմանալի չէր, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը շատ խիստ արձագանգեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Հռոմի պապի յիշատակման եւ անմիջապէս ետ կանչեց իր դեսպանը Վատիկանէն: Դեսպան Փաչաճին այժմ հնարաւոր է պաշտօնազրկուի` կեղծ պնդումներ ընելուն համար, թէ իբր ինք յաջողած էր լռեցնել Հռոմի պապը Հայոց ցեղասպանութեան հարցով: Մինչդեռ, թրքական կառավարութեան չափազանց բուռն արձագանգը եւ Հռոմի պապի` իր ուղերձին համար ներողութիւն խնդրելու մերժումը, միջազգային խորագրեր ստեղծեցին ամբողջ աշխարհի հեռատեսիլի ալիքներուն, կայքերուն եւ թերթերուն մէջ:

Շատոնց ծրագրուած թրքական ջանքերը` խոչընդոտելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, խեղդուեցան լրատուամիջոցներու մեծ ուշադրութեան յորձանուտին մէջ` կապուած Քարտաշեաններու առաջին այցով Հայաստան եւ Հռոմի պապի Հայոց ցեղասպանութեան խիզախ վերահաստատումով` նոյնինքն ապրիլ 24-էն առաջ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Մեղա՜յ Աստուծոյ

Յաջորդը

Հարիւրամեակի Նախօրէին. Պապի Պատարագը, Եւրախորհրդարանի Բանաձեւը, Քիմի Այցը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.