Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջանային Տագնապներու Սաստկացման Լոյսին Տակ. Հայեացքները Սեւեռուած Են Սէյիտ Նասրալլայի Խօսքին Վրայ

April 17, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-16-15_SayyedԱյն միջոցին, երբ շրջանային տագնապները օր ըստ օրէ կը ստանան աւելի սաստիկ բնոյթ, լարուած մթնոլորտ ստեղծելով առնչակից հակադիր կողմերուն միջեւ, հայեացքները սեւեռուած են այս երեկոյ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար, սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանելիք խօսքին վրայ:

Դէտերու կարծիքով, Նասրալլա լիբանանեան իրադարձութեանց կողքին պիտի անդրադառնայ նաեւ շրջանային տագնապներու` Եմէնէն մինչեւ Սուրիա, Իրաք եւ այլուր:

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Նասրալլա բարձր ոճով պիտի սաստէ Եմէնի դէմ կիրարկուող «Վճռորոշ փոթորիկ»-ի յարձակումները:

Դէտեր մտավախութիւն կը յայտնեն, որ լարուած մթնոլորտի սաստկացումը կրնայ «բռնկեցնել» շրջանը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարը սաստկացնելով Իրաքէն մինչեւ Սուրիա, Եմէն եւ… Լիբանան: Այս մտավախութիւնները հետեւանք են գլխաւորաբար Եմէնի շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի վերջին որոշումին: Ապահովական վիճակի վատթարացման մտավախութիւնները կը շեշտուին յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ դէմ սաստկացող քննադատութեանց լոյսին տակ, որոնց ամէնէն վտանգաւորը կը նկատուի «Սէուտական Արաբիոյ քիթը գետնին քսելու» իրանցի բարձրաստիճան ղեկավարի մը կոչը:

Թէ լարուած այս կացութեան արձագանգները լիբանանեան հրապարակին վրայ որքանո՛վ վտանգաւոր կրնան ըլլալ, Եմէնի տագնապին թեւակոխած պատմական անկիւնադարձային այս հանգրուանին` առանցքը կազմեց երէկ այս գծով հակադիր կողմերու կեցուածքներուն: Այդ կեցուածքներէն ամէնէն ուշագրաւն ու մտահոգիչը կը նկատուի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրիի դրսեւորած սուր քննադատութիւնը Հըզպալլայի եւ անոր կողմնակիցներուն դէմ:

Նոյն ծիրին մէջ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը իր հերթական նիստի աւարտին հաղորդագրութեամբ մը կրկին քննադատեց «Եմէնցի ժողովուրդին դէմ գործադրուող ջարդերն ու յարձակումները` «Վճռորոշ փոթորիկ»-ին եւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ: Հաղորդագրութիւնը «ռազմագիտական սխալ» որակեց սէուտական կեցուածքը` կոչ ուղղելով անմիջապէս դադրեցնելու Եմէնի դէմ սէուտական յարձակումները եւ տագնապի լուծման համար երկխօսութեան նստելու:

Միւս կողմէ, իրանեան դեսպանատունը հաղորդագրութեամբ մը պարզեց, թէ զանազան կողմերու դրսեւորած կեցուածքները կապ չունին եւ չեն առնչուիր լիբանանեան պետութեան պաշտօնական կեցուածքին:

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. Լիբանանեան Պաշտօնական Պատուիրակութիւն Մը Պիտի Մեկնի Հայաստան

Յաջորդը

Լիբանանեան Ազգային Ուժերու, Անձնաւորութեանց Եւ Կուսակցութեանց Հանդիպումը Դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին.  Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր  Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին. Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել

November 13, 2026
Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը`  Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ  Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ  Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան  Նոր Փուլի Մը»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը` Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան Նոր Փուլի Մը»

November 13, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.