Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերյիշելով 1969 Թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան Յատուկ Առաջին Որմազդներու Տեղադրումը Լիբանանի Զանազան Շրջաններու Մէջ

April 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Քաջալերուած նախորդ տարուան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան յատուկ ցուցահանդէսին ընթացքին ցուցադրուած վաւերագրական լուսանկարներու ազդեցիկ, հոգիները թափանցող եւ օրուան խորհուրդը առանց մեկնաբանութեան կարիքի փոխանցող յաջող փորձէն` խումբ մը համալսարանականներով որոշեցինք այդ լուսանկարներէն մէկը տպել որմազդի ձեւով եւ փակցնել Պէյրութ քաղաքի որոշ շրջաններու պատերուն, հակառակ երկրին մէջ տիրող աննպաստ պայմաններուն` ցոյցեր եւ այլն:

Այս սեղմ խմբակին մաս կը կազմէին` հանգուցեալ Աբօ Սիւրթիւքեանը, Հայկը, Վարդանը, Արսէնը, Պետոն, ես եւ ուրիշներ: Հայկը ապահովեց պիւտճէն, իսկ ես տպագրութիւնը` ազգականի մը մօտ, գաղտնօրէն, որպէսզի պետական պատկան մարմինները տեղեակ չըլլան ծրագիրէն մինչեւ ապրիլ 23-ի գիշերը: Նախապատրաստական եւ գումակային աշխատանքները, վայրերու եւ թաղամասերու ճշդում եւ բաժանում, վրձին, խէժ, եւ այլն, եւ վերջին ժամերուն` գործադիր կամաւորներու խումբը  յաջողութեամբ  ապահովուեցաւ:

Գիշերային ժրաջան աշխատանքը սկսաւ: Կային նախապէս ճշդուած կարեւոր թիրախներ, որոնք յատուկ խմբակի մը վստահուեցան` Վարդանին, ինծի եւ Պետոյին, որ իր անձնական ինքնաշարժով պիտի փոխադրէր մեզ (շուրջ 120 քիլոմեթր):

Մեր ուղեւորութեան կարգով առաջին թիրախն էր Տըպայէ մայրուղիին վրայ ներկայիս տակաւին գոյութիւն ունեցող սառնարան-շէնքի (պանդոկ «Ռոյալ»-ի մօտ) դէպի Պէյրութ նայող բարձր պատին վրայի թրքական օդանաւային ընկերութեան ծանուցումը: Ծանուցումը կը գտնուէր սառնարանային հսկայ, ժանգոտած, ջուր հոսեցնող վտանգաւոր արտաքին սարքաւորումներուն վերեւ,  սակայն սկաուտական հմտութեամբ հասանք անհասանելի թուող  ծանուցումին եւ մեր որմազդներով ծածկեցինք զայն: Այս պատճառով շուրջ 3 ամիս ետք ծանուցումը իր շրջանակով միասին վերցուեցաւ:

Մեր երկրորդ թիրախն էր Պէյրութէն շուրջ 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Պաթրունէն դէպի Ժիպէյլ երկարող մայրուղիին եզերքին գտնուող տան մը պատին վրայ գծագրուած հսկայ, շուրջ 4 մեթր բարձրութեամբ եւ 6 մեթր լայնքով թրքական զբօսաշրջային ծանուցում-տեսարան մը, որուն վրայ գրուած էր` «Visit Turkey Land of Wonders» (Այցելեցէք Թուրքիա` երկիրը հրաշալիքներու): Որոշած էինք ծանուցումը պահել, սակայն կարեւոր, սրբագրութեամբ: Ուրեմն, նախապէս պատրաստած էինք ծանուցումի գիրերուն չափով «ARMENIANS» որմազդ մը, որ փակցնելով պատին վրայի «Wonders» բառին վրայ` ծանուցումը վերածուեցաւ «Visit Turkey Land of ARMENIANS» (Այցելեցէք Թուրքիա` Երկիրը ՀԱՅԵՐՈՒՆ): Շնորհիւ այս քայլին` «մեր ծանուցումը» մնաց շուրջ 6 ամիս, որմէ ետք պատը միագոյն ներկով ծածկուեցաւ եւ ծանուցումը վերցուեցաւ:

Մեր երրորդ թիրախն էր դէպի Պէյրութի օդակայան տանող մայրուղիի եզերքին, փշաթելերու ետին, աւազուտքին վրայ գտնուող թրքական օդանաւային ընկերութեան ծանուցումը: Փշաթելերու բացուածքէ մը մտնելով` հասանք ծանուցումին եւ սկսանք գործի: Յանկարծ, հեծիկով եւ քալաշնիքովը ուսին, պաղեստինեան դիմադրութեան պատկանող պահակ մը երեւցաւ եւ հարցուց, թէ ի՞նչ կ՛ընենք այնտեղ: Մեր տուած բացատրութենէն եւ մեր որմազդէն քանի մը օրինակ իրեն տալէն ետք «Աստուած հետերնիդ» ըսաւ ու հեռացաւ: Այս պատճառով շուրջ երեք ամիս ետք վերցուեցաւ այդ ծանուցումը շրջանակով միասին:

Մեր վերջին թիրախն էր Պէյրութի Նահատակաց հրապարակէն քիչ մը վեր գտնուող «Քոմոն Փալաս» շարժապատկերի սրահը, որ այդ օրերուն միայն թրքական ժապաւէններ կը ցուցադրէր: Թրքական ժապաւէնի ծանուցումը, որ մայթէն սկսած էր մինչեւ շուրջ վեց մեթր բարձրութեամբ, կարելի եղած չափով ծածկեցինք մեր որմազդներով, եւ վերջաւորութեան, մնացեալ խէժը թափեցինք մուտքէն ներս, երկաթէ ճաղերուն մէջէն: Այս պատճառով յաջորդ օրը առանց վերցնելու մեր որմազդները, սխալ ուղղագրութեամբ, հայերէն լեզուով խոշոր ծանուցում մը փակցուած էր, որ կ՛ըսէր, թէ ի  յարգանք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն` սրահը փակ պիտի մնար երկու օր:

Այս ծրագիրը նաեւ յաջողութեամբ աւարտեցաւ, եւ աւելի՛ն, ոչ մէկ նկատառելի միջադէպ կամ արկած պատահեցաւ այդ գիշեր (բացի հետաքրքրական եւ անմոռանալի անհատական փորձառութիւններէն): Մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, եւ ազատութեան պայքարի հերոսներու հոգիները պաշտպանեցին մեզ փորձանքներէ: Երիտասարդ ուսանող- ուսանողուհիները սրահային հանդիսութիւններէ դուրս` գործնական աշխատանքով մը, գոհունակութեան բարձր զգացումով, ազդեցիկ ծանուցողական աշխատանքով մասնակից դարձան մեր ազգային պահանջատիրութեան գնացքին:

23 մարտ 2015

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Առիթով Ֆրիտեոֆ Նանսեն (1861-1930)

Յաջորդը

Ըսինք` 100-Ամեակ. Ցեղասպանութեան Դէմ Յաղթանակը Մենք Մեզի Դէմ Տարուած Պայքարի Յաջողութիւնն Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.