Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Հպարտանք

April 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ապրիլի առաջին շաբաթավերջին, զատկական օրերու երեկոյ մը, Հայաստանէն պատկերասփռուող լրատուական յայտագիրի մը կը հետեւէի: Յատուկ տեղ տրամադրուած էր  սահմանային գօտիներու մէջ, նախորդող օրերուն, ազերիական նենգամիտ յարձակումներու զոհ գացած նահատակ զինուորներու: 18-21 տարեկան երիտասարդներ էին նահատակները, հայրենի տարբեր օճախներէ: Հաղորդավարը այցելութիւններ տուած էր նահատակներու ծնողներուն, նախկին դպրոցները, եւ զրոյցներ ունեցած էր ծնողներու, ուսուցիչներու, զինակիցներու եւ հարազատներու հետ, որոնք յուշե՜ր եւ յուշեր ունէին այդ մատղաշ տղոց մասին: Կարելի չէր առանց խռովքի եւ յուզումի լսել այդ բոլորը, չտարուիլ հազար ու մէկ մտածումով:

Այդ օրը պաստառին վրայ տողանցող նահատակները, բոլորն ալ, ունէին նուազ տարիք` քան նոյնինքն Արցախի ազատագրական պայքարն ու Հայաստանի վերանկախացած հանրապետութիւնը: Հայրենապաշտպաններու նոր սերունդ մը հասակ առած է արդէն… Անոնցմէ մէկը Արցախի ինքնապաշտպանութեան մղուած էր` վարակուելով 1988-1993 տարիներու մեր նահատակներուն ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ոգիէն, ա՛յն նահատակներուն, որոնք ինկած էին այս մատղաշ երիտասարդներուն ծնունդէն առաջ, նման` այն ֆետայիներուն, որոնք մեր ազատագրական պայքարի էջերը իրենց արիւնով կերտած են հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ:

Ծնողներ, ուսուցիչներ եւ զէնքի ընկերներ, բնական ափսոսանքէ անդին, ողբի կամ լաց ու կոծի արտայայտութիւններ չունեցան, այլ հպարտութեամբ խօսեցան նահատակներուն մասին, որոնք պաշտպանական ճակատ երթալու պահուն քաջատեղեակ էին, թէ կրնային զոհուիլ հայրենի հողը պաշտպանելու ճամբուն, իրենց արիւնով ոռոգել ազգին ու հայրենիքին կեանքը: Նահատակի մը հայրը ունեցաւ մօտաւորապէս հետեւեալ արտայայտութիւնը. չեմ ցանկար, որ ոեւէ մէկը մատնուի իմ վիճակիս, սակայն հպարտ եմ, որ զաւակս ինկաւ հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան ճակատին վրայ: Թող ան ըլլայ վերջին զոհը… Թող խաղաղութիւն հաստատուի…

Եթէ հայ հօր խաղաղութեան մաղթանքը կ՛արտայայտէ իւրաքանչիւր հայու, ինչո՞ւ չէ,  նաեւ արիւնալի տագնապներու ոլորապտոյտին մէջ բռնուած տառապեալներու հոգեվիճակը, «թող ըլլայ վերջին զոհը» բաղձանքը խլացուեցաւ յաջորդ օրերուն իսկ, ազերիական նոր ոճիրներով:

***

… Նահատակ զաւակին ներշնչած ծնողական հպարտութիւնը աննախընթաց չէ: Անիկա նորագոյն արձագանգն է հայրենիքին համար ամենասուղը նուիրաբերելու այն հպարտանքներուն, որոնք մօտիկ անցեալին արձանագրուեցան Հայաստանի ու Արցախի սահմաններուն վրայ, Վարդենիսէն, Քելբաջարէն ու Մարտակերտէն մինչեւ Ասկերան, Մարտունի, մինչեւ Սիւնիքի սահմաններն ու Երասխաւան: Հպարտանքի այս արտայայտութիւնը արձագանգ է նաեւ Լիզպոնի նահատակներուն ծնողներուն եւ հարազատներուն ճակատաբաց յայտարարութիւններուն, որոնք հնչեցին աւելի քան 30 տարի առաջ: Եթէ մեր յիշողութեան անիւը թաւալի աւելի ետ, այս հպարտանքին առաջին արտայայտութիւնները պիտի լսենք նաեւ այն ֆետայիներուն մօտ, որոնց «բանբերը»` Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան, կը պատմէ, թէ պատանիի մը նահատակութեան չարաշշուկ լուրը առանց փողի տարածուած է լեռնէ լեռ, եւ անոր հողաթումբին մօտ կանգնած ընկերները վկայած են` «Ո՛վ պատանի, դուն շատ ապրեցար»: Նման արտայայտութիւն կայ նաեւ այն մօր խօսքերուն մէջ, որ իր երիտասարդ զաւկին ձեռքը զէնք ու ասպար կու տայ դասագիրքի փոխարէն, կամ` այն հօր, որ պատրաստ է ջուխտ եզը ծախելու, որպէսզի իր 21 տարեկան Կիկոն տանի եւ ֆետայի գրէ…

 

***

Ցեղասպանութենէն առաջ ու 100 տարի ետք հայրենիք ու ազգ պահելու ամէնէն գործնական միջոցը զէնքի ուժն է:

Դժբախտաբար:

Իսկ զէնք վերցնողը գիտէ, որ նահատակութիւնը իմացեալ ընտրանք է: Չէ՞ որ աւելի քան 150 տարի առաջ, մեր յեղափոխական առաջին պատգամաբերներէն Խաչատուր Աբովեանն ալ ըսած է. «Եթէ ազգ ու հայրենիք կ՛ուզէք պահել, մեռէք անոնց համար»:

Հայ զինուորն ու սահմանապահը մարտի դաշտ չեն նետուիր մեռնելու նպատակով, այլ անոնց նպատակն է ապրիլ ու պաշտպանել սեփական հողը, ազատագրել խլուածը, ջախջախել նախայարձակ թշնամին:

Նահատակութիւնը զոհաբերութեան ձեւերէն մէկն է միայն: Սահմանապահը յանձն կ՛առնէ տաժանքի հազար ու մէկ ձեւ, կրնայ անդամահատուիլ կամ ստանալ վէրքեր, որոնց սպիները իրեն պիտի ընկերանան ամբողջ կեանքին ընթացքին. այդ պարագային, ի՛նք ալ պիտի ապրի արդար հպարտանքը, զայն կտակ պիտի չթողու ծնողներուն ու զէնքի ընկերներուն, վա՛ղն ալ իրմով ներշնչուողներուն, ինչպէս որ ինք ներշնչում առած է անցեալ տասնամեակներու կամ անցեալ դարու նահատակներէն: Սահմանապահ զինուորը, ան ըլլայ պարզ շարքային թէ աստիճանաւոր, գիտէ, որ նահանջն ու փախուստը ընտրանքներ չեն: Ան գիտէ, որ հայրենալքումի եւ հայրենիքի կարողականութեանց կողոպուտի-մսխումի ալիքները վերջ պիտի ունենան ուշ կամ կանուխ: Անոր համար է, որ տասնեակներ կը փութան միանալու Եռաբլուրի փաղանգին, այն համոզումով, որ այդ ուղին է միակ երաշխաւորը Ցեղասպանութեան նահատակներուն կտակին իրականացման:

Նահատակներուն առթած հպարտանքը միայն քանի մը ծնողներու եւ հարազատներու իրաւունքը չէ, այլ անիկա ունի աւելի ծաւալուն խորագիր մը: Անիկա կը կոչուի ազգային հպարտանք, որ իր դրօշը կը ծածանէ հայրենաբնակ թէ աշխարհացրիւ հայութեան իւրաքանչիւր անդամի գլխուն վերեւ, արձագանգ կը գտնէ իւրաքանչիւրիս հոգիին ու կամքին մէջ:

Ազգային այս հպարտանքը կը ստեղծուի սեփական բազուկներով, անոր բաժնեկից չի կրնար ըլլալ ոեւէ ոչ հայ. անիկա իբրեւ սուին կ՛ուղղուի մեր դարաւոր թշնամիներուն, ու երիտասարդութիւնը կ՛առաջնորդէ «Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար» ուխտին վերանորոգման:

 

 

 

Նախորդը

Արշաւիր Շիրակեան (1900-1973) Ահաբեկումէ Մը Շատ Աւելին Էր… «Կտա՜կն Էր Նահատակներուն»

Յաջորդը

Վրէժուհի Գաբրիէլեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.