Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ . «Նախագահական Ընտրութիւնը Ներքին Լիբանանեան Հարց Է» Շեշտեց Թոնի Պլինքըն

April 7, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պլինքըն եւ Սալամ
Պլինքըն եւ Սալամ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերու օգնական Թոնի Պլինքըն կիրակի գիշեր հասաւ Լիբանան, ուր դիմաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ:

Երէկ կէսօրէ ետք Պլինքըն այցելեց Մուսայթպէ, ուր ընդունուեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին Պլինքըն շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի միջամտութիւնը Լիբանանին վնաս կը հասցնէ` նշելով, որ նախագահ Պաշշար Ասատ ապագայ Սուրիոյ ընդհանուր պատկերին մէջ գոյութիւն չունի:

Պլինքըն դրուատեց լիբանանցիներուն կողմէ սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը` շեշտելով, որ շրջանային բոլոր զարգացումները իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են Լիբանանի վրայ:

Պլինքըն աւելցուց նաեւ, որ ինք վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ ՏԱՀԵՇ-ի սպառնացած վտանգին մանրամասնութիւնները:

Ամերիկացի պաշտօնատարը հաստատեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով Լիբանան հզօր դաշնակից է:

Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան` Պլինքըն ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութիւնը ներքին լիբանանեան հարց է:

Պըրրիի Մօտ

Պըրրիի հետ հանդիպումէն պահ մը
Պըրրիի հետ հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ամերիկացի պաշտօնատարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Պուսթրոս Պալատին Մէջ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Պլինքընը` ընկերակցութեամբ ամերիկացի դեսպանին:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութիւնը եւ երկրին քաղաքական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Քննարկուեցան նաեւ ահաբեկչութեան եւ օտար զինեալներուն հարցերը, որոնց շրջագիծին մէջ` նաեւ ահաբեկչութեան եւ անոր գաղափարաբանութեան դէմ պայքարի եւ այդ պայքարը ֆինանսաւորելու կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ նախանցեալ օր Պլինքըն այցելեց Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ` ներկայութեամբ դեսպան Հէյլի, Ժոմպլաթի զաւկին` Թէյմուր Ժոմպլաթի, երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի, երեսփոխաններ Մարուան Համատէի եւ Ղազի Արիտիի, նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան փոխնախագահ Տորէյտ Եաղիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

Պէտք է աւելցնել, որ Պլինքըն հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ շրջանային իրադարձութիւններուն, յատկապէս Իրանի հիւլէական թղթածրարին մասին գոյացած համաձայնութեան ինչպէս նաեւ, Սուրիոյ եւ Եմէնի տագնապներուն:

Պլինքըն յայտնեց, որ ինչպէս նաեւ Սուրիոյ պատերազմին իր մասնակցութեան պատճառով Հըզպալլա պատճառ կը դառնայ, որ աւելի մեծ թիւով ՏԱՀԵՇ-ի անդամներ խուժեն Սուրիա, ուրկէ Լիբանան կը հասնին մեծ թիւով գաղթականներ:

Պլինքըն ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Լիբանանին եւ լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ նեցուկ կը կանգնին գաղթականներուն զօրակցութեան եւ Լիբանանի գերիշխանութեան` մերժելով միջամուխ դառնալ նախագահական ընտրութեան մանրամասնութիւններուն` նկատի ունենալով, որ անիկա զուտ լիբանանեան հարց է:

Նախորդը

Ռիֆի Կը Շնորհաւորէ Թրիփոլիի Քրիստոնեայ Յարանուանութիւնները

Յաջորդը

Հայ Զինուորները Հասան Եւրոպա` Մասնակցելու Վարժանքներու

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.