Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդը Ընդունած Է Հայաստանի Ներկայացուցած Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Բանաձեւը

March 30, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-29-15UNՀայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքը կը հաղորդէ, որ 27 մարտ 2015-ին, Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի 28-րդ նստաշրջանին ընթացքին համախոհութեամբ ընդունուած է Հայաստանի նախաձեռնած Ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւը, որուն միացած եւ համահեղինակած են 64 պետութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն նշեալ խորհուրդի շրջանային բոլոր խումբերը: Բանաձեւը համահեղինակելու համար բաց պիտի մնայ տակաւին երկու շաբաթ:

Բանաձեւը կը վերահաստատէ, որ ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու անպատժելիութիւնը կը խրախուսէ նոյնպիսի յանցագործութիւններու կրկնութիւնը եւ լուրջ խոչընդոտ է միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ ժողովուրդներու համագործակցութեան համար եւ կ՛ընդգծէ անպատժելիութեան դէմ պայքարը` իբրեւ կանխարգիլման կարեւոր գործիք:

Հայաստանի նախաձեռնած բանաձեւին մէջ կ՛ընդգծուի, որ ցեղասպանութեան յանցագործութեան ժխտման եւ արդարացման փորձերը կը վտանգեն անպատժելիութեան դէմ պայքարը, կը խոչընդոտեն ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուղղուած ջանքերը:

Բանաձեւին մէջ կը վերահաստատուի Համընդհանուր պարբերական քննութեան մեքանիզմներու կարեւորութիւնը` հրաւիրելով պետութիւնները իրենց ազգային զեկուցումներուն մէջ ներկայացնելու տեղեկատուութիւն ցեղասպանութեան եւ այլ զանգուածային ոճրագործութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն մասին:

Բանաձեւը ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն կոչ կ՛ուղղէ` ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման նպատակով ամրապնդելու համագործակցութիւնը գործող մեքանիզմներու ծիրին մէջ, ցեղասպանութիւններու վերածուելու հաւանականութիւն ունեցող մարդու իրաւունքներու զանգուածային, լուրջ եւ պարբերական խախտումները կանխարգիլելու նպատակով:

Փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուի կրթութեան կարեւորութիւնը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ եւ կոչ կ՛ուղղուի անդամ երկիրներու կառավարութիւններուն համապատասխան կրթական ծրագիրի միջոցով նպաստելու ցեղասպանութիւններու իրազեկման եւ անոնց միջոցով կանխարգիլման:

Իբրեւ կանխարգելիչ միջոցառում բանաձեւը ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու կառավարութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` սահմանելու անցեալին մէջ կատարուած ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի ազգային օրեր, որպէսզի այդպիսի յանցագործութիւնները երբեք չմոռցուին եւ բոլորը կարելիութիւն ունենան անցեալի դասերուն հիման վրայ նպաստելու առաւել ապահով ապագայի կերտման:

Բանաձեւով Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կ՛առաջարկէ 9 դեկտեմբերը` Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատժման մասին ուխտի որդեգրման օրը, սահմանել իբրեւ ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի օր:

Ըստ բանաձեւին, կը նախատեսուի նաեւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով համակարգողներու համաշխարհային ցանցի ստեղծում:

 

 

 

Նախորդը

«Եթէ Եւրոպական Խորհրդարանին Կողմէ Բանաձեւ Որդեգրուի, Ատիկա Պարզապէս Թուղթի Կտոր Մը Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Պոզքըր

Յաջորդը

Թուրքիոյ Վարչապետին Գլխաւոր Խորհրդականը 1915-ը Կը Ճանչնայ Իբրեւ Ցեղասպանութիւն

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.