Այն միջոցին, երբ շրջանի քաղաքական թէ ապահովական անցուդարձերը կը շարունակեն վերիվայրումներ արձանագրել, Լիբանան կը շարունակէ իր նախապատրաստական քայլերը` դիմակալելու բոլոր հաւանականութիւններն ու վերահաստատելու իր դիրքն ու վարկը յաչս արտաքին աշխարհին:
Այս ծիրին մէջ վարչապետ Թամմամ Սալամ կը պատրաստուի դասաւորելու իր թղթածրարը, զոր պիտի ներկայացնէ մօտերս Քուէյթի մէջ տեղի ունենալիք Լիբանանին օժանդակող ու նիւթապէս նպաստող երկիրներու վեհաժողովին: Այս ծիրին մէջ վարչապետը յայտնեց, որ պատրաստած է Լիբանան ապաստանած սուրիացի գաղթականներու ապրուստի պայմաններուն եւ կեցութեան ապաստանարան-գաղթակայաններուն իրավիճակին մասին տեղեկագիրներ: Այս հարցը նաեւ առանցքը կազմած է վարչապետ Սալամի եւ Ֆրանսայի ֆրանսախօսներու եւ բարգաւաճման հարցերու պետական նախարար Անիք Ժերարտենի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին: Արդարեւ, ֆրանսացի նախարարը անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ երկրի զանազան մարզերու վարիչներուն եւ նախարարներուն հետ եւ մամլոյ ասուլիս մը տալով հաստատեց, որ իր այս այցելութիւնը կու գայ Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի ցուցաբերած հոգատարութեան, զօրակցութեան եւ օժանդակելու պատրաստակամութեան ծիրին մէջ: Ժերարտէն նաեւ յայտնեց, որ կողմերուն հետ խորհրդակցած է նախագահական ընտրութեան հարցին շուրջ` վերահաստատելով իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանի անկախութեան ու գերիշխանութեան գծով: «Սակայն նախագահի ընտրութեան հարցը լիբանանեան հարց է, եւ լիբանանցիք իրենք պիտի վճռեն այս հարցը», ընդգծեց ան: Նոյն ծիրին մէջ կարգ մը աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ֆրանսա մօտերս Լիբանան կ՛ուղարկէ իր պաշտպանութեան նախարարը, որ երկրի վարիչներուն հետ պիտի խորհրդակցի բանակի զինման եւ քաղաքական առկախ հարցերու (նախագահական ընտրութիւն) գծով ֆրանսական զօրակցութեան կարելիութիւններուն շուրջ: Նմանապէս մօտերս կ՛ակնկալուի, որ Լիբանան այցելէ Ֆրանսայի նոր դեսպանը` Պոն, որ նախագահ Հոլլանտի հիմնական օգնականներէն եւ խորհրդականներէն մէկն է:
Այս ծիրին մէջ պէտք է դիտարկել նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի ձեռնարկած քայլերն ու հանդիպումները արտաքին դիւանագիտական գետնի վրայ:
Ներքին ճակատի վրայ, այսօր խորհրդարանի դիւանը նախապատրաստական նիստ մը պիտի գումարէ` պատրաստելու համար յառաջիկայ ապրիլի կիսուն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ լիագումար նիստի հրաւիրուելիք խորհրդարանի ժողովին քննարկուելիք հարցերը: Հարցեր, որոնք տարրական կարեւորութիւն կը ներկայացնեն, եւ կողմերուն միջեւ որոշ տարակարծութիւն կայ անոնց վերջնական տարազի բանաձեւումին գծով, ինչպէս` ընտրական օրէնքը, 2010-էն ի վեր առկախուած պիւտճէի հարցը եւ այլ հրատապ հարցեր:
Այլ գետնի վրայ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտարարեց, որ լիբանանեան դրամատուները ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն կամ առնչակից են ՏԱՀԵՇ-ի թէ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն ֆինանսաւորումին` կտրուկ կերպով հերքելով այս մասին յերիւրուող անհիմն տեղեկութիւնները:
Դիւանագիտական գետնի վրայ եւս ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք Ուաշինկթընէն հաստատեց, որ իր ձեռնարկած այս շրջապտոյտը կը միտի վերահաստատել Լիբանանի դիւանագիտական վարկն ու յատկապէս` ներքին գործոց նախարարութեան լիազօրութիւններն ու հեղինակութիւնը յաչս արտաքին աշխարհին:


