Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. Դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Օսմանեան Կայսրութեան Վարած Բռնատիրական Քաղաքականութիւնը

March 24, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

16690067219_fc683474f0_oՀովանաւորութեամբ  Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ կազմակերպութեամբ  ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» մշակութային միութեան, ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ին, երեկոյեան  ժամը 8:30-ին, տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Օսմանեան կայսրութեան բռնատիրական քաղաքականութիւնը` Լիբանանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի արաբական երկիրներուն մէջ» խորագիրով դասախօսական երեկոն ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Արին Ղազարեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ բարի գալուստ մաղթեց անոնց` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած սոյն դասախօսական ձեռնարկին ներկայ գտնուելնուն համար: Ղազարեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց եգիպտացի անուանի հայագէտ, պատմաբան դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամին, որ ընդառաջեց օրուան գլխաւոր բանախօսը ըլլալու միութեան առաջարկին: «Դոկտ. Իմամ արաբական աշխարհին մէջ այն հազուագիւտ անձնաւորութիւններէն է, որ իր ձայնը բարձրացնելով օժանդակած է խլուած իրաւունքները իրենց սեփականատէրերուն վերադարձնելու պայքարին», շեշտեց Ղազարեան:

Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց  «Հայաստան» եւ «Յուշարձաններ» երգերը, զորս ներկայացուց Գէորգ Պեպեճեան` դաշնակի վրայ Ժաննա Սահակեանի ընկերակցութեամբ, իսկ Արմէն Քեչեկ դաշնակի վրայ ներկայացուց Առնօ Պապաճանեանէն երկու կտորներ:

Օրուան բանախօսը նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» մշակութային միութեան` զինք սոյն դասախօսական երեկոյին մասնակցելու հրաւիրելուն համար: Ան օրուան դասախօսութիւնը բաժնած էր երկու հիմնական մասերու: Առաջինը յատկացուած էր Հայոց ցեղասպանութեան, իսկ երկրորդը` արաբական երկիրներուն եւ յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ Օսմանեան կայսրութեան բռնատիրական քաղաքականութեան: Բանախօսը մանրամասնօրէն պատմական իրողութիւնները ներկայացնելէ ետք իր խօսքը եզրափակեց նշելով. «Պատմութեան մէջ Ճեմալ փաշան արժանացած է «ջարդարար» (սաֆֆահ) անուանումին` իբրեւ արդիւնք իր գործած անմարդկային բոլոր տեսակի ոճրագործութիւններուն: Նոյնպէս Թալէաթ փաշային անունը կը հաւասարի «մարդասպան» տիտղոսին»:

Դասախօսական երեկոյին աւարտին ՀԵԸ-ի վարչութեան ատենապետը` Վիգէն Չերչեան, օրուան բանախօսը` դոկտ. Իմամը պարգեւատրեց յուշանուէրով մը:

Նշենք, որ դոկտ. Իմամ 2011-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուած է շքանշանով եւ երախտագիտական վկայականով մը, իսկ 2010-ին Նիւ Եորքի մէջ ՀԵԸ-ի կողմէ ստացած է «Կարպիս Փափազեան» մրցանակը :

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Երեք Կանթեղներ` Ի Յիշատակ Երեք Սահմանապահ Նահատակներուն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն – 2 –

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.