Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարգէ՛, Որ Յարգուիս

March 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Լիբանան գտնուող դասընկերներէս մէկուն Քանատա հաստատուած զաւակէն կը ստանամ հետեւեալ ե-նամակը:

«Շահմելիքեա՛ն, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ հաճոյքով կարդացի վերջին յօդուածդ եւ …»:

Տակաւին չաւարտած նամակին ընթերցումը` երկրորդ նամակ մը կը ստանամ նոյն անձէն:

«Շա՛տ ներողութիւն, Շահմելիքեանին առաջ անուշադրութեամբ պրն. աւելցնելու մոռցեր եմ: Կը ներես»:

Լիբանան ծնած ու գիտակից ընտանիքի մէջ հասակ նետած Վարանդէն ուրիշ ի՞նչ կարելի էր ակնկալել, եթէ ոչ յարգանք` իրմէ աւելի տարեցներուն հանդէպ: Անուշադրութեամբ, ակամայ մականունիս առջեւ պարոն մակդիր մը չաւելցնելուն պատճառով գէշ զգացած եւ  անմիջապէս ուզած է  իր «յանցանքը քաւել»:

«Խնդիր չէ, չ՛արժեր այդ փոքր մանրամասնութեան համար նեղուիլ. հոս Ամերիկա է, նաեւ` Քանատա, եւ տեղացիներուն համար այդքան ալ կարեւոր չէ այդ մակդիրին գործածութիւնը», կը պատասխանեմ զինք հանգստացնելու միտումով: 10 տարեկան երեխային ու 100 տարեկան ծերունիին հետ կը խօսին երկրորդ դէմք, եզակիով, առանց «պարոն»-ի, «օրիորդ»-ի կամ «տիկին»-ի:

* * *

Տակաւին Լիբանան էի ու կ՛աշխատէի Leogravure հաստատութեան մէջ: Գործատէրը` պարոն Լեւոն Թերզեան, երբ ժամանէր մեր աշխատասենեակը, դպրոցական աշակերտներու նման` «Բարի՛ լոյս,  պարո՛ն Լեւոն» ըսելով միաբերան կը բարեւէինք ու կը շարունակէինք մեր գործը: Պարոն Լեւոն կը բարեւէր ու կ՛անցնէր իր գրասենեակը: Յարգանք ունէինք մեզմէ աւելի տարեցներուն հանդէպ, մանաւանդ` պարոն Լեւոնին, որ իր 4 տղոց կողքին, ունէր 40-ի մօտ պաշտօնեաներ, որոնց կը յարգէր ու կը յարգուէր բոլորէն:

Հաստատուեցայ Լոս Անճելըս եւ սկսայ աշխատիլ հաստատութեան մը մէջ, ուր ինձմէ եւ ուրիշ հայ բարեկամէ մը զատ բոլորը ամերիկացիներ էին: Երբ գործատէրը ժամանէր, միայն ես էի, որ կը բարեւէի. «Կուտ մորնինկ մըսթըր Ճիմ» ու կ՛անցնէի գործիս: Երբեմն բարեւիս կը պատասխանէր. կը պատահէր, որ անտեսէր, կամ չլսել ձեւացնէր, սակայն ես յամառօրէն ամէն օր իմ «յարգանքի տուրքս» կը մատուցէի: Ինձմէ զատ ոչ ոք կը բարեւէր եւ իրեն հետ խօսած ժամանակ պարզապէս Ճիմ կը կանչէին զինք: Հայ բարեկամս, որ ինձմէ քանի մը տարի առաջ հաստատուած էր Ամերիկա եւ աւելի ծանօթ` ամերիկացիներու վարք ու բարքին, օր մը յուշեց, թէ` «հրաժարիմ մըսթըր Ճիմէն» եւ պարզապէս իր անունովը դիմեմ իրեն, առանց «աւելորդ  ձեւականութեան», եւ ամենահետաքրքրականն ու զիս զարմացնողը` «կը կարծէ, թէ կը ծաղրես զինք»: Այս մէկը ուղղակի նորութիւն էր: Երբ յարգանքով վարուիս անձի մը հետ «Կը կարծէ, թէ կը ծաղրես զինք»: Արդեօք ա՞յդ էր պատճառը, որ երբեմն կ՛անտեսէր բարեւս: Փորձեցի պարզապէս Ճիմ կանչել, լեզուս յառաջ չգնաց: «Մըսթըր» ցած ձայնով, իսկ «Ճիմ»-ը աւելի բարձր կ՛ելլէր բերնէս. քանի մը տարի տեւեց, մինչեւ որ վարժուիմ մեզի համար տարօրինակ այդ սովորութեան:

Մեր ծնողներէն այդպէս դաստիարակուած էինք:

Կը վերադառնամ մանկութեան ու պատանեկութեան, դպրոցական տարիներուս: Դասարանն ենք. ուսուցիչը տակաւին չէ ժամանած: Մանկական չարութիւններ. իրարու վրայ կաւիճ նետել ու աղմկել, երբ յանկարծ, դրան մուտքին կը նշմարենք ուսուցիչը: Անմիջապէս կը գրաւենք մեր տեղերը եւ ոտքի, միաբերան, «Բարի՛ լոյս, պարո՛ն»:

Զբօսանքի պահն է. մեր արդար իրաւունքն է վազել ու խաղալ, սակայն երբ պատահմամբ մեր քովէն ուսուցիչ մը անցնի, մոռցած ամէն խաղ կամ չարութիւն` պիտի բարեւենք զինք ու ապա շարունակենք մեր խաղը: Ճեմարանաւարտ Հրայր Թուխանեանին պատրաստած մէկ վիտէոն կը դիտէի «ԵուԹուպի» վրայ: Ճեմարանի բակը, խումբ մը աշակերտուհիներ նստած են արմաւենիներու տակ եւ կը վայելեն պայծառ երկինքն ու արեւը: Հեռուէն կը նշմարեն յայտնի մտաւորական, աննման ֆետայի Ճեմարանի ուսուցիչ, պրն. Կարօ Սասունիին ժամանումը: Տակաւին իրենց չմօտեցած` բոլորը ոտքի են: Պարոն Սասունի, ժպիտով կը բարեւէ բոլորը ու դանդաղ կը հեռանայ: Բաւական մը հեռանալէն ետք է, որ կը գրաւեն իրենց նստարանները:

Կը յարգեն ու կը յարգուին:

Լոս Անճելըսի, Ֆէրահեան վարժարանի բակն եմ, ու կը զրուցեմ այդ օրերու տնօրէն, բարեկամիս` Լեւոն Գասպարեանին հետ: Կը մօտենայ աշակերտ մը: Հարցում մը ունի պարոն տնօրէնին: Հետը խօսած ժամանակ ո՛չ «պարոն» մակդիր, ո՛չ ալ յոգնակիի գործածութիւն: Կը խօսի «դուն»-ով: Զարմացած եւ ընդվզած` կը միջամտեմ: «Չնկատեցի՞ր, թէ հետդ ինչպէս խօսեցաւ»: «Նկատեցի», կ՛ըլլայ տնօրէնին պատասխանը. «Չսրբագրեցի երկու պատճառով: Նոյնիսկ եթէ հայերէն խօսին, անգլերէն կը մտածեն եւ անգլերէնի մէջ «եու» կը գործածուի  որպէս եզակի եւ յոգնակի: Երկրորդ պատճառը, որքան ալ սրբագրես, պիտի չկարենան ըմբռնել. այդպէս վարժուած են»: Պատճառաբանութիւն մը, զոր արդար չեմ գտներ:

Դարձեալ Լոս Անճելըսի մէջ: Ամառուան արձակուրդին ուսուցչուհի մը կը հանդիպի իր աշակերտուհիին, որ կը հարցնէ իր ուսուցիչին որպիսութիւնը: «Ինչպէ՞ս ես, օրիո՛րդ» (բարեբախտաբար հայերէնով):

«Ինչպէս է՛ք», կը սրբագրէ ուսուցչուհին:

«Լաւ ենք…», կը պատասխանէ աշակերտուհին:

Ըստ երեւոյթին, այս պարագային ուսուցչուհին է, որ պէտք է յոգնակի խօսի իր աշակերտուհիին հետ:

Այս բոլորը, տակաւին, հայկական վարժարաններուն մէջ: Հապա՞ ամերիկեան հանրային դպրոցներուն մէջ:

Շատ պատահած է, որ շփացած ու անկիրթ աշակերտ մը հայհոյէ ու ձեռք բարձրացնէ ուսուցիչին վրայ (մոռնանք յոգնակիի գործածութեան պակասը եւ յարգանքի համար ոտքի չկանգնիլը), իսկ երբ ուսուցիչը չհանդուրժելով` ինք ալ իր կարգին փորձէ իբրեւ ինքնապաշտպանութիւն ձեռք բարձրացնել աշակերտին… անմիջապէս լուրը կը հասնի տնօրէնութեան եւ ուսուցիչը իբրեւ «յանցաւոր» քանի մը օրով կը կախակայուի: Վերջ ի վերջոյ Ամերիկա ազատ երկիր է, ուր անդադար կը խօսուի Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներու «ժողովրդավարութեան չգոյութեան» մասին:

Մանկութեանս հետաքրքրական խաղ մը կը խաղայինք. «Մա՛րդ, մի՛ ճայթիր»: Այսօր, այդ խաղը դարձած է իրականութիւն:

«Մա՛րդ, մի՛ ճայթիր»:

Սիրելի՛ Վարանդ, այդ մէկ հատիկ անմեղ անուշադրութիւնդ, մականունիս առջեւ «պարոն» մակդիրը չգրելու «յանցանքդ», ապա անդրադառնալով սրբագրելդ զիս փոխադրեց մանկութեանս տարիները, երբ կը յարգէինք մեզմէ տարեցները եւ, փոխարէնը, կը ստանայինք փոխադարձ յարգանք:

Ինչպէ՞ս չյարգեմ քեզ:

Հազա՛ր ապրիս:

 

Լոս Անճելըս, 2015

Նախորդը

Նոր Պաղ Պատերազմի Յորձանուտին Մէջ (Բայց` Կայուն Կողմնացոյցով)

Յաջորդը

Չգինովնանք Յաղթանակով

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.