Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնատեղին

March 17, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վիգէն Աւագեան երէկ կէսօրին այցելեցին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին:

Շուրջ ժամ մը տեւած այցելութեան ընթացքին, վերապատուելի Գարակէօզեան շնորհաւորեց Կեդրոնական կոմիտէն` ընդգծելով կուսակցութեան պատմական դերակատարութիւնը` հայ կեանքին մէջ, իբրեւ քաղաքական կայունութեան, համայնքներու համակեցութեան եւ ազգային համերաշխութեան ջատագով քաղաքական ուժ:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ հայութիւնը եւ գաղութը յուզող հրատապ հարցերու: Ան լայնօրէն խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստութիւններուն մասին` շեշտը դնելով առաւելագոյն կազմակերպուածութեամբ եւ ուժականութեամբ հանդէս գալու անհրաժեշտութեան վրայ:

Վերապատուելի Գարակէօզեան գնահատեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով գաղութային միացեալ նախաձեռնութիւնները եւ մաղթեց, որ լիբանանահայութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս փաստը տայ իր կենսունակութեան, ազգային դատին ու պահանջատիրութեան տէր կանգնելու յանձնառութեան:

Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու նաեւ Միջին Արեւելքի քաղաքական վերջին զարգացումներուն եւ Հայաստանի մերձակայ գաղութներուն պարզած այսօրուան իրավիճակին: Շեշտուեցաւ ներազգային ճակատի ամրապնդման հրամայականը եւ մեր ժողովուրդին սպառնացող բոլոր վտանգները միացեալ ճակատով դիմագրաւելու կարեւորութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Այցելուները  

3-16-15_hht_hamdanՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Անկախ նասըրականներու (Մուրապիթուն) շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտանի եւ ընկերակցութեամբ Ֆուատ Հասանի, Մոհամետ Քլէյլաթի, Սաատէտտին Շարիֆի, Մոհամետ Տհանի եւ Ռուպա Պաալպեքիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ներկաները հաստատեցին Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրներուն, ահաբեկչութեան, հաւատադրժողականներուն եւ ծայրայեղականութեան դէմ միասնականութեամբ եւ ջանքերու մէկտեղումով պայքարելու կարեւորութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

3-16-15_hht_daoudՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին այցելեց նաեւ Լիբանանեան եւ արաբական պայքարի շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին շարժումի ընդհանուր քարտուղար, նախկին երեսփոխան Ֆայսալ Տաուտ եւ Ղազի Սարայա:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախարարները

Յաջորդը

Անգարա Կը Դժգոհի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կոչ Բովանդակող Եւրոպական Խորհուրդի Զեկուցումէն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.