Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Անատոլի Գրիգորեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում

March 13, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-12-15_anadoliԵրէկ` հինգշաբթի, 12 մարտի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, բացումը կատարուեցաւ հայրենի ժողովրդական նկարիչ Անատոլի Գրիգորեանի ցուցահանդէսին:

Ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան, նախարար Արթիւր Նազարեան, նախկին երեսփոխաններ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, ազգային եւ պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ եւ օտար արուեստագէտներ եւ արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը:

Կրէյս Լոճիքեան
Կրէյս Լոճիքեան
Յակոբ Հաւաթեան
Յակոբ Հաւաթեան

Ցուցասրահին կողմէ բացման խօսքը կատարեց Կրէյս Լոճիքեան, որ ներկայացուց արուեստագէտ Անատոլի Գրիգորեանը եւ անոր ստեղծագործական ճամբան: Ապա խօսք առաւ ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նախ եւ առաջ փոխանցեց, թէ այս ձեռնարկը կը վայելէ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքը նախարարին հովանաւորութիւնը, սակայն ժամանակացոյցի փոփոխութեան պատճառով նախարար Յակոբեանի Լիբանան հասնիլը քանի մը ժամով յետաձգուած է եւ դժբախտաբար այսօր ներկայ պիտի չկարենայ գտնուիլ: Հաւաթեան միաժամանակ աւելցուց, որ այս ցուցահանդէսին առիթով, այսօր` ուրբաթ կէսօրէ ետք ժամը 2:15-ին, նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի այցելեն Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ` ողջոյնի խօսքը փոխանցելու այս ցուցահանդէսին առիթով:

Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակին, որուն հետ համագործակցաբար Լիբանանի մէջ կը կազմակերպուին այսպիսի բարձրորակ ցուցահանդէսներ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտին` վեր առնելով անոր մարդկային եւ մշակութային բարձր արժանիքները, ինչպէս նաեւ իբրեւ Հայաստանի Գեղարուստի ակադեմիայի ամպիոնի վարիչ անոր անգնահատելի ներդրումը մասնագէտ նոր սերունդներ պատրաստելու առումով:

IMG_7597Աւարտին խօսք առաւ նաեւ արուեստագէտը, որ մեծապէս գնահատեց հիւրընկալման այս գաղափարը եւ ցուցահանդէսի կազմակերպումը Համազգայինի ցուցասրահին կողմէ: Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ լիբանանահայ արուեստասէրին ցուցաբերած բծախնդրութեան եւ որակին, ինչպէս նաեւ փոխանցեց գաղութին գծով իր մեծ տպաւորութիւնները: Վերջաւորութեան ան յոյս յայտնեց, որ իր ստեղծագործութիւններուն ճամբով կը յաջողի լիբանանահայ մշակութային հարուստ կեանքին մէջ յիշատակելի էջ մը աւելցնել:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 28 մարտ 2015, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30: Կը ցուցադրուին տարբեր չափերու 28 իւղաներկ արուեստի գործեր:

 

 

Նախորդը

Սպիտակ Ջարդի Ցայտուն Մէկ Օրինակը Բեմականացնելով`. Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբը Կը Ներկայացնէ Ռոպերթ Առաքելեանի «Կարօտ»-ը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին  Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.