Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Մամուլէն Քաղուածքներ

March 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսուհետեւ «Լիբանանեան մամուլէն քաղուածքներ» բաժինով պարբերաբար կ՛անդրադառնանք լիբանանեան մամուլով հրատարակուող այն յօդուածներուն, որոնք կ՛ակնարկեն կամ կ՛անդրադառնան Հայոց ցեղասպանութեան:

Լիբանանցի յօդուածագիր Տաւիտ Իսա իր մէկ յօդուածին մէջ կը հաստատէ իր կտրական մերժումը Լիբանանի նախագահական ընտրութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը Պքերքէի վերագրելու քայլին եւ կը հաստատէ, որ լիբանանցի քրիստոնեաները պէտք է միասնական կեցուածք որդեգրեն եւ համախոհութիւն գոյացնեն` նկատի ունենալով շրջանը եւ շրջանին սպառնացող վտանգները, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէրները:

«Անոնք պէտք է դասեր քաղեն պատմութեան ընթացքին քրիստոնեաներուն փորձառութիւններէն: Այն քրիստոնեաներէն, որոնք տառապեցան, հալածուեցան, սովի, բռնագաղթի ու ցեղասպանութեան ենթարկուեցան: Այս չեղա՞ւ ճակատագիրը հայութեան, որ հարիւր տարի առաջ ենթարկուեցաւ նոյն արհաւիրքներուն, որոնց հիմա կ՛ենթարկուին Արեւելքի քրիստոնեաները, յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ:

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով մենք կը խոնարհինք հայութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին առջեւ եւ մեր յարգանքը կը յայտնենք այս ժողովուրդին, որ զինք թիրախ դարձուցած աղէտէն աւելի հզօր դուրս եկաւ` փաստելով իր հաւատքին զօրութիւնը, կեցուածքներէն ու սկզբունքներէն անշեղ մնալու իր կամքը, ինչպէս նաեւ իր միասնականութիւնը` ազգին սպառնացող հիմնախնդիրներուն դիմաց:

«Հետեւաբար էականը կը մնայ այն հարցումը, թէ ինչո՞ւ Լիբանանի քրիստոնեաները դասեր չեն քաղեր հայոց պատմութենէն ու հայութեան փորձառութիւններէն եւ միասնականութեան ու համախոհութեան չեն դիմեր, կամ արդեօք անոնք պիտի սպասեն, որ հայութեան ճակատագիրի՞ն ենթարկուին եւ այդ դառն իրավիճակէն ետք իրենց շարքերն ու ներո՞ւժը միախառնեն», հարց տուաւ հեղինակը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պէյրութի Առաջնորդ Պուլոս Մաթար Եպիսկոպոսը Հանդիպեցաւ Ճոն Քերրիին

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.