Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ դատարան մը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրամայած է 10,000 թրքական լիրա վճարել Կարսի 35 մեթր բարձրութիւն ունեցող «Մարդկութեան յուշարձան»-ի քանդակագործ Մեհմեթ Աքսոյի` 8 յունուար 2011-ին Կարս այցելութեան ընթացքին յուշարձանը «հրէշալի» կոչելուն համար:
Աքսոյի փաստաբանը 100,000 թրքական լիրա պահանջած էր` ըսելով, որ «հրէշալի» կոչելը Աքսոյին ուղղուած վարկաբեկում մըն էր: Էրտողանի փաստաբանը առարկեց, որ այդ խօսքը վարկաբեկում մը չէր, այլ` քննադատութիւն:
Յուշարձանի հարցը օրակարգի վրայ եկաւ 2005-ին, երբ օրին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ քաղաքապետ Նայիֆ Ալիպէյօղլու Աքսոյի պատուիրեց հայ-թրքական բարեկամութիւնը խորհրդանշող յուշարձան մը քանդակել: Ալիպէյօղլու 2008-ին հեռացաւ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան շարքերէն եւ միացաւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան: Մինչ յուշարձանը կը կառուցուէր, Յուշարձաններու խորհուրդը որոշեց կանգնեցնել աշխատանքները` նշելով, որ յուշարձանին վայրը պատմական վայր մըն է: Յուշարձանը հետագային կազմաքանդուեցաւ, որովհետեւ անոր վայրը արգիլեալ գօտի յայտարարուեցաւ:


