Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուքրանիոյ Ճգնաժամը Բացասաբար Կ՛ազդէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Վրայ» Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Նախագահը

March 2, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

22515_Dacic«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվիցա  Տաչիչ յայտնած է, որ Ուքրանիոյ ճգնաժամը կործանարար ազդեցութիւն կը գործէ Հարաւային Կովկասի եւ Մերձտնեսթրի տագնապներուն լուծման վրայ:

Հաշուետուութեամբ հանդէս գալով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն առջեւ, ԵԱՀԿ-ի նախագահը նշած է, որ Եւրոպան կանգնած է անվտանգութեան մարզին մէջ «պաղ պատերազմ»-ի ժամանակներէն ի վեր ամէնէն լուրջ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման:

«Մենք պէտք չէ անտեսենք Ուքրանիոյ ճգնաժամի կործանարար ազդեցութիւնը միւս այն հարցերուն վրայ, որոնք դրուած են ԵԱՀԿ-ի օրակարգին վրայ, մասնաւորաբար Մոլտովայի եւ Հարաւային Կովկասի ձգձգուող տագնապները», ըսած է Տաչիչ:

Ան լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի կացութեան առնչութեամբ: «Անցեալ տարի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած երեք հանդիպումները ցոյց տուին երկխօսելու յուսադրող ձգտումը: Սակայն այն ժամանակէն ի վեր մենք դարձեալ կացութեան սրման եւ քաղաքական հոլովոյթի դանդաղութեան վկաներն ենք», նշած է ԵԱՀԿ-ի նախագահը:

ԹԱՍՍ կը նշէ, որ ան աջակցութիւն յայտնած է բարձր մակարդակի հանդիպումներու կազմակերպման եւ այնպիսի ուղիներ գտնելու նպատակով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն, «որոնք կրնան առաջնորդել տագնապի երկարաժամկէտ լուծման»:

Տաչիչ յայտնած է, որ յառաջիկայ ամիսներուն ինք մտադիր է այցելել տագնապի շրջան եւ հանդիպումներ ունենալ երկիրներու ղեկավարներուն հետ:

 

Նախորդը

«Երկրին Կացութիւնը Ապառողջ Է Եւ Պէտք Է Նկատի Ունենալ Արտակարգ Վիճակներու Հաւանականութիւնը» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Յաջորդը

«Թուրքիան Պէտք Է Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Կ՛ըսէ Թաշ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.