
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ կատարուած քննարկումներու ընթացքին յայտարարած է, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի խստացուին Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները:
Ծերակուտականներէն մէկը հարցում ուղղած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան ղեկավար, Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային կոմիտէի նախագահ Ալեքսանտր Պորթնիքովի մասին, որ անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ մասնակցած էր ծայրայեղականութեան դէմ պայքարին նուիրուած վեհաժողովին:
«Յառաջիկայ օրերուն Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ կրնան սահմանուիլ», ըսած է Քերրի` աւելցնելով, որ Պորթնիքով եւս կրնայ յայտնուիլ այդ ցանկին վրայ:
Քերրի պնդած է, որ Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող անջատողականները «ռուսական բանակի յաւելումն են»: Ըստ անոր, «Քիեւին զէնքի մատակարարումը կը գտնուի աշխուժ քննարկման հանգրուանի մէջ` պայմանաւորուած Մինսքի համաձայնութիւններու ծանր խախտումներով»:
Քերրիի կարծիքով` «Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի պատժամիջոցները զգալի ազդեցութիւն ունեցած են ռուսական տնտեսութեան վրայ»:
«Ռուսիա իր ընտրութեան հետեւանքները կը կրէ, ներառեալ` իր տնտեսութեան վրայ», ըսած է ան:


