Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՂԲԱՐԻԿ, ԱՓԻԿ ՄԸ ՋՈՒՐ»

August 3, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօրուան մեր գրական անդաստանը թէեւ ծաղկուն ովասիս չէ, սակայն, եթէ ոչ յաճախ, երբեմն հոն կը հանդիպինք հոգիները լուսաւորող, միտքերը խթանող, սիրտերը փուլ բերող հրատարակութիւններու: Այդ գիրքերէն է Գէորգ Աբէլեանի «Աղբարիկ, ափիկ մը ջուր…»ը: Հրատարակուած է Պէյրութ, 2010-ին, Համազգայինի «Վ. Սէթեան» տպարանէն: Շարունակութիւնն է հեղինակին վերջերս հրատարակած «Ցկեանս նահատակութիւն» հատորին, որ արդէն իսկ թարգմանուած է արաբերէնի եւ սպաներէնի:

Գիրքը բաժնուած է գլխաւոր երկու մասերու: Առաջին բաժինը կազմուած է 19 պատմուածքներէ, որոնք կը պատմեն անոնց մասին, որոնք միացած են հայ հաւաքականութեան, ազգին: Երկրորդ բաժինը կը վերաբերի քրտացած հայերու, որոնց նահատակութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, սերունդէ սերունդ, որովհետեւ անոնք թէեւ կրօնով, լեզուով, նիստ ու կացով, կենցաղով քիւրտ են, սակայն արիւնով, համոզումով հայ են: Այս բաժինը կազմուած է չորս մասերէ: Բոլոր պատմուածքներն ալ վաւերագրուած են կենդանի նկարներով: Ամբողջութիւնը` 459 մեծադիր էջ:

«Աղբարիկ, ափիկ մը ջուր»ը Եղեռնի գեհենական պատմութիւնն է, ուր տառապանքը ոչ թէ ապրում է միայն, այլ` նիւթականացած, շօշափելի, տեսանելի իրականութիւն, ուր մարդկային վայրագութիւնը, անմարդկայնութիւնը` հաճոյքի ու հրճուանքի միջոց: Անհատներու ճամբով կը պատմուի ամբողջ ազգին պատմութիւնը: Հոն են թոմարզացին, ճեպելմուսացին, ակնցին, քեսապցին, մալաթիացին. հոն են Սասունը, Ատանան, Մարաշը, Կեսարիան, Գամիշլին, Հալէպը, Պէյրութը. ի մի բան` չքնաղ Կիլիկիան, մեր սրբութիւնը` պատմական Հայաստանը եւ համայնատարած սփիւռքը: Հոն են հայ մարդուն թափառումները երկրէ երկիր, աւազներու, մոխիրներու մէջէն ընձիւղումները ազգին. ապրելու, ըլլալու տենչերն ու կանչերը հայուն: Հոն կը գտնենք, դիակներու կողքին, յարուցեալներ, նոր սէրեր` հալածուած հին սէրերու յաճախանքով. ո՛չ ներկան ներկայ է, ո՛չ անցեալը` կորսուած. յոյսեր, յոյսեր, յուսահատութիւններ, յուսախաբութիւններ` կողք կողքի: Անակնկալ, առասպելներու մէջ միայն պատահող հանդիպումներ, գիրկընդխառնումներ, երջանկութիւններ, արցունքներ: Հոն կը հանդիպինք իր ձեռքով իր հարազատ զաւակը ջրամոյն ընող մայրերու, Աստուծոյ վրայ կրակող այրերու, ճակատագիրին, մարդկութեան, աստուածային արդարութեան հայհոյողներու, նաեւ` զԱստուած փառաբանողներու:

Ահաւոր է երկրորդ բաժինի սերունդէ սերունդ ցարդ շարունակուող նահատակութիւնը: Ճիշդ է, առաջին բաժինին մէջ ալ կայ ինքնութեան փնտռտուք, սակայն անոնց տառապանքի այդ բաժինը ներքին, երբեմն միայն անհանգստացնող զգացում մըն է, քրտացած հայերուն մօտ ամէնօրեայ կեանքին մէկ մասն է. ծնած է իբրեւ քիւրտ, կ՛ապրի լրիւ քրտական կենցաղով, սակայն հետեւելով իր արեան կանչին, իր համոզումին` գացած է հայկական դպրոց, սորված է հայերէն ու Ահմետը դարձած է Սարօ. հայը կը մերժէ Սարոն Ահմետին պատճառով: Ո՞վ է ինք, Սարօ՞, թէ՞ Ահմետ, ճեղքուած մարդ մը… ինչպէ՞ս միացնել այս երկու մասերը: Հայրը կատարեալ քիւրտ մը` Էմիր Մահմուտ, սակայն արիւնով, զգացումներով` կատարեալ հայ, իր աղջիկներուն տուած է Նանոր, Նայիրի, Արմինէ, Մենար անունները (ի դժբախտութիւն մեր օտարամոլ ծնողներուն): Վաղը, կեանքի մէջ ի՞նչ պիտի ըլլան այդ աղջիկները, հա՞յ, թէ՞ քիւրտ. ո՞վ պիտի հետաքրքրուի անոնցմով, ինչո՞վ պիտի վերջանայ այս ողբերգութիւնը: Եւ քիչ չեն ասոնք… Ռաս Ուլ Այնի մէջ, պաշտօնապէս պետութեան մօտ 1998-ին արձանագրուած «Աշիրաթ արման ալ շաթա» ցեղախումբը կը հաշուէ 25,000 անդամ, եւ ըստ ցեղապետին վկայութեան, տակաւին կայ մաս մը, որ չէ ուզած միանալ ցեղախումբին:

Տքնաջան եւ երկար փնտռտուքի արդիւնք է այս գիրքը: Այս գիրքը կը յուշէ մեզի, որ մեր Ցեղասպանութեան, անոր հետեւանքներուն ու սերունդէ սերունդ շարունակուող նահատակութեան մասին ամէնէն աւելին գիտցողն իսկ տակաւին շատ բան ունի գիտնալիք…

Նախ մենք պէտք է ճանչնանք մեր Ցեղասպանութիւնը` իր հետեւանքներով, որպէսզի կարենանք ճշգրտօրէն փոխանցել զայն օտարներուն եւ պահանջել անոնցմէ, որ արդարութիւնը վերահաստատուի ու բռնագրաւուածը վերադարձուի իր տիրոջ:

Պէտք է ջանադիր ըլլալ, որպէսզի տարածուի այս գիրքը, որ գրուած է այնքան պարզ, դիպուկ ու սրտայոյզ ձեւով: Ո՛չ մէկ շպար, ո՛չ մէկ արուեստական պատշաճեցում: Կեանքը ներկայացուած է իր ամբողջական պարզութեամբ, անկեղծութեամբ, հարազատութեամբ, ատոր համար ալ այդքա՛ն ազդեցիկ է ու սրտաճմլիկ, նոյնիսկ ամէնէն քարսիրտ ընթերցողն իսկ չի կրնար կարդալ զայն` առանց աչքերը թրջելու:

Հ. ԹՐԹՌԵԱՆ

Նախորդը

ՀՊԱՆՑԻԿ ԱԿՆԱՐԿ` ՄՈՎՍԷՍ ՊՉԱՔՃԵԱՆԻ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՉՔԵՐՈՎ ՕՏԱՐԱԿԱՆԸ» ՎԷՊԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Յաջորդը

ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ` ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐԸ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՒ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.