Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարապետեան Ընդունեց Միջազգային Բարգաւաճման Գործակալութեան Պատուիրակութիւնը

February 24, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

22315_serՀայաստանի Հանրապետութեան  գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեան երէկ ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային բարգաւաճման գործակալութեան (Եու. Էս. Էյտ) պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջն էին Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով փոխտնօրէնի պաշտօնակատար Սիւզան Ֆրից, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային բարգաւաճման գործակալութեան հայաստանեան առաքելութեան ղեկավար Քարեն Հիլիարտ եւ այլ պաշտօնատարներ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան  գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան  ծառայութենէն:

«Մենք շնորհակալ ենք Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ Հայաստանին ցուցաբերուող օժանդակութեան համար եւ յոյս ունինք, որ մեր արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը յառաջիկայ տարիներուն կը շարունակուի եւ աւելի կ՛ընդլայնի»,  նշած է նախարար Սերգօ Կարապետեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ:

Նախարարը ապա ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան  գիւղատնտեսութեան մարզի ներկայ վիճակը, խնդիրներն ու յառաջիկայ  ընելիքները:

Ի պատասխան  Քարեն Հիլիարտ տեղեկացուցած  է, որ գրասենեակին կողմէ արդէն մշակուած եւ  հաստատուած են նման երեք ծրագիրներ, որոնց իրագործումը կը նախատեսուի սկսիլ ընթացիկ տարուան մէջ:

Պատուիրակութեան ղեկավարը անգամ մը եւս  հաստատած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային բարգաւաճման գործակալութեան պատրաստակամութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հետ միացեալ ծրագիրներու  իրականացման հարցին մէջ եւ համոզում յայտնած, որ շարունակուող երկկողմ համագործակցութիւնը կ՛ըլլայ արդիւնաւէտ եւ կը նպաստէ գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու լուծման:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«Պահանջում Եմ Իմ Տունը» Ֆէյսպուքեան Շարժում

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.